2015-06-12 09:37:00

«Սուրիան էր եւ պիտի շարունակէ մնալ բոլոր Սուրիացիներուն հայրենիքը» կ՛ըսէ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ուղղափառ ասորիներու կրօնական ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ամէնէն կարեւոր հարցը հաւատադրժողական գաղափարախօսութեան դէմ դնելն է` աւելցնելով, որ Սուրիան էր եւ պիտի մնայ հայրենիքը բոլոր սուրիացիներուն` ինչ պատկանելիութիւն ալ ունենան անոնք, ինչպէս նաեւ ապաստան մը բոլոր անոնց համար, որ մարդկային արժէքներուն կը հաւատան:

Ան շեշտեց, որ ամբողջ շրջանը կ՛ենթարկուի ահաբեկչական յարձակումի մը, որուն հիմը հաւատադրժողական գաղափարախօսութիւնն է, որ թիրախ կը դարձնէ ընկերային հիւսուածքը, ընդհանրապէս շրջանին մէջ եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ բազմամշակութայնութիւնը` աւելցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով յաջողեցաւ այդ գաղափարախօսութեան դէմ դնելու` կառչելով իր պատմութեան, մշակոյթին ու արմատներուն, որոնք դարերէ ի վեր զիրար կը խաչաձեւեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.