2015-06-11 13:43:00

Կարդինալ Մամպերթի՝ քրիստոնեաներուն թիւի նուազումը մեծ վտանգ մըն է Միջին Արեւելքին համար


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Առաքելական գերագոյն ատեանի կառավարիչ Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթի, 29 մայիսէն մինչեւ 4 յունիս  Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, հինգշաբթի, 11 յունիսին, Օսսէրվաթորէ Ռոմանօ Վատիկանի օրաթերթին տուած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ  Լիբանանի մէջ արձնագրուած  քիստոնեաներուն թիւի նուազումը կամ անոնց անհետացումը մեծ վտանգ կը հանդիսանայ ոչ միայն եկեղեցւոյ այլ  համայն Միջին Արեւլքին համար ։

Կարդինալը խօսելով Լիբանան կատարած  այցելութեան նպատակին մասին յայտնեց թէ Ինք ընդառաջած է Մարոնիներու  Ռաի Պատրիարքին հրաւէրին եւ ներկայ գտնուած է Լիբանանի Հարիսա Տիրամօր սրբավայրի մէջ Տիրամօր նուիրուած  Մայիս ամսուայ ջերմերանադական աղօթքներուն փակման արարողութեան ինչպէս նաեւ  փոխանցելու` Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութիւններն ու Լիբանանի ու համայն Միջին արեւելքի բնակչութեան նկատմամբ մօտիկութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.