2015-06-11 09:22:00

Լիւքսորի մէջ անձնասպանական գործողութիւն


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի, 11 յուսնիսին, Եգիպտոսի հնադարեան Լիւքսոր քաղաքի Քառնաք տաճարին կառատան մէջ անձ մը ինքզինք պայթեցուցած է: Անձնասպանական գործողութեան պատճառով վիրաւորուած են չորս եգիպտացիներ, որոնց շարքին են երկու խանութպաններ եւ երկու ոստիկաններ: Զբօսաշրջիկներ չեն վնասուած:

Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ձախողութեան մատնած է ահաբեկչական գործողութիւն մը, որուն ընթացքին յարձակում գործողներէն երկուքը սպաննուած են, իսկ երրորդ մը` վիրաւորուած:

Ներքին գործոց նախարարութենէն ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ յարձակում գործողները փորձած են տաճարին մօտ թիրախ դարձնել զբօսաշրջիկներ փոխադրող փոխադրակառք մը, սակայն ոստիկանները արգելք հանդիսացած են: Զինեալներէն մէկը ինքզինք պայթեցուցած է, իսկ միւսները ոստիկանութեան հետ բախում ունեցած են: Անոնք վիրաւորուելով փոխադրուած են հիւանդանոց եւ անոնցմէ մէկը ճամբու ընթացքին մահացած է:

Զբօսաշրջութիւնը արաբական աշխարհի ամէնէն բազմամարդ երկիրը եղող Եգիպտոսի եկամուտի գլխաւոր աղբիւրներէն մէկն է:

1997-ին Լիւքսորի կին փարաւոնի մը տաճարին դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին 58 զբօսաշրջիկներ եւ 4 եգիպտացիներ սպաննուած էին: Իսկ փետրուար 2014-ին իսլամական զինեալներ Սինայի թերակղզիին մէջ ականահարեցին զբօսաշրջիկներ փոխադրող փոխադրակառք մը` սպաննելով 2 հարաւային քորէացիներ եւ եգիպտացի մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.