2015-06-11 15:11:00

ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց ՖԱՕ-ի ներկայացուցիչները։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Անհրաժեշտ սնունդի երաշխաւորութիւնը բոլորին իրաւունքն է''  ու ''հարկաւոր է պայքարիլ անօթութեան դէմ առանց յետին նպատակներու'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ՖԱՕ-ի 39-րդ համաժողովի մասնակիցներուն ուղղած ճարի կեդրոնական նիւթը, վատիկանի Քլեմեnթինա դահլիճին մէջ հինգշաբթի 11 յունիսի առաւօտեան։   ՖԱՕ-ի պատուիրակներէն առաջ Սրբազան Հայրը ընդունեց Լաթուիայի եւ Էսթոնիայի եպիսկոպոսները։

Երկարաշունչ ճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը  հրաւիրեց փոխել մեր յարաբերութիւնը բնական հարստութիւններու եւ հողօգտագործման հետ զգոյշ ըլլալով ''չիյնալ սպառողականութեան ստրկութեան տակ'', ու մսխումը  վերացնելով յաղթահարել անօթութիւնը։

Պէտք ենք – ըսաւ Քահանայապետը – գիտակից ըլլալ թէ սնունդի հասանելիութիւնը բոլորին իրաւունքն է  եւ իրաւունքները  բացառութիւններ չեն հանդուրժել։

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց պատասխան տալ անօթի անհատներուն։ Չի բաւեր ըսաւ Ան հաշուեկշիռ ներկայացնել հայող աշխարհի մէջ անօթութեան երեւոյթին, թէեւ այս մէկն ալ  անհրաժեշտ է։

Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ սննդեղէնի մսխումի մասին ու հրաւիրեց փոխել կեանքի ապրելակերպը ու ջանալ օգտագործել միայն այն ինչ որ մեզի անհրաժեշտ է ինչպէս նաեւ զարգացնել հողամշակոյթն ու հողագործութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ անդրադարձ կատարեց ՖԱՕ-ի գործունէութեան ու անոր պատասխանատուութեան` յաչս անօթութեան ու մսխումի երեւոյթներուն  ու ընդգծեց շուկայական ասպարէզին ներս եւս  փոփոխութիւններ ներմուծելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ապա անդրադարձաւ կլիմայական փոփոխութիւններու պատճառաւ յառաջացած մարդկայնական ողբերգութիւններուն որոնց շարքին է ջուրի պակասը, հաստատելով թէ ''Սնունդի ապահովութիւնը պէտք է ձեռք բերուի նոյնիսկ եթէ ազգերը ունին տարբեր աշխարհագրական եւ տնտեսական իրավիճակ ու սննդեղէնի մշակոյթ։ Աշխատելու ենք ներդաշնակութիւն ստեղծելու տարբերութիւններու միջեւ եւ միացնելու մեր ուժերը հարցերու լուծում որոնելու նպատակով - ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Եթէ իսկապէս կ՛ուզենք փոխել կեանքի ապրելակերպը այս մէկը սկսելու ենք մեր առօրեայէն, վստահ ըլլալով որ նոյնիսկ մեր փոքրիկ ժեստերը կարող են մարդկային ընտանիքի ապագան ապահովել. Ու փոխանակ թիւերու առջեւ հիասթափելու  փորձենք  փոխել մեր յարաբերութիւնը բնական հարստութիւններու եւ հողօգտագործման հետ։

Եկեղեցին ու անոր հաստատութիւնները գիտակից են որ երկրին հարստութիւնները սահմանափակ են ու անոնց չափաւոր գործածութիւնը հրատապ հարց դարձած է. Ասոր համար Ան յանձնառու է նպաստելու ''վերաբերմունքի եւ ապրելակերպի'' մը փոփոխութեան որ անհրաժեշտ է լաւ ապագայ մը ապահովելու համար յաջորդ սերունդներուն։

Ամենազօրը օրհնէ ձեր աշխատանքը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով ՖԱՕ-ի պատուիրակներուն արտասանած երկարաշունչ ճարը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.