2015-06-11 13:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Գանատայի Վարչապետը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր` 11 յունիս2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդունեց Գանատայի վարչապետ` Տիար Սթեֆան Հարբեր որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Գանատայի միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ եւ կառավարութեան միջեւ համագործակցութեան դրական հոգին։

Յատուկէն ընդգծուեցաւ Գանատայի յանձնառումը` զարգացնելու կրօնական ազատութիւնը Մարդու հիմնական Իրաւունքներու շրջագիծէն ներս։

Զրոյցները յանգեցան ապա միջազգային քաղաքականութեան հայող հարցերու շուրջ յատուկէն անդրադառնալով Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի ու այդ ցամաքամասի խաղաղութեան հեռանկարներու մասին  ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ բնապահպանութեան հայող հարցերու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.