2015-06-10 15:06:00

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի զրոյցը կարդինալական խորհուրդի 10-րդ ժողովի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 10 յունիսին,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, մամուլին հետ հանդիպում ունենալով անոնց ներկայացուց Քահանայապետի անմիջական օգնական ինը կարդինալներու խորհուրդի մասին տեղեկութիւններ յայտնելով թէ կարդինալական խորհուրդը` 10-րդ նիստը գումարեց, 8 – 10 յունիս 2015-ին,  Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ։

Հայր Լոմպարտին յայտնեց թէ նիստերը աւարտեցան 10 յունիսի առաւօտեան եւ թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ներկայ գտնուեցաւ` երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրուայ նիստերուն, մինչ 10 յունիսի նիստին բացակայ էր, հրապարակային ունկնդրութեան բերումով։ Նիստերուն չկարողացաւ մասնակցիլ  նաեւ կարդինալ Լորան  Մոնսուենկուօ Բազինիան։

Հայր Լոմպարտին հուսկ յայտնեց թէ ժողովի առաջին օրը նուիրուած էր Առաքելական Սահմանադրութեան նախաբանի նախագիծին որ առաւել քննարկումի պիտի ենթարկուի։

 

Ֆինանսա – տնտեսական ասպարէզի վերատեսութիւնը։

Ինչ կը հայի ֆինանսա – տնտեսական ասպարէզի վերատեսութեան Հայր Լոմպարտին նշեց թէ

Կարդինալ Փելը` Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչը­, տեղեկատուական զեկոյց մը ներկայացուց հայող` ֆինանսական բարեփոխումներուն։ Ան անդրադարձաւ ընդհանուր նոր ''վերատեսողի''  անուանումի մասին ու կենսաթոշակային ֆոնտի կանոնագիրքի հրատարակման ու հսկողութեան ենթարկուելիք հաստատութիւններու ցանկի շարադրութեան աւարտումի մասին։

Կարդինալ Փել անդրադարձ կատարեց նաեւ`  Տնտեսութեան Քարտուղարութեան նախաձեռնած երեք նոր ծրագիրներուն ու այս առընչութեամբ աշխատանքային երեք խումբերու ստեղծումին. առաջինը  պիտի քննարկէ ֆինանսական ներմուծումներն ու ներդրումները, երկրորդը` մարդուժի մատակարարումը եւ երրորդը համակարգչային համակարգի ուսումնասիրութիւնը, անոր համատեղելիութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Կարդինալ Փել ապա տեղեկութիւններ տուաւ  ` ''Տնտեսութեան Քարտուղարութեան'' զանազան գործունէութիւններու մասին։

 Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը  նշեց ապա թէ Կարդինալական խորհուրդը` 8 յունիս 2015-ի յետմիջօրէի նիստին ընթացքին, ունկնդրեց Կարդինալ Սին Փաթրիք Օ Մալլէյի զեկոցը` Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի կողմէ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուց առաջարկին մասին հայող եպիսկոպոսներու պաշտօնի չարաշահումի դատապարտումին։

Կարդինալ Օ Մալլէյի զեկոյցը ընդգրկեց նաեւ կղերին կողմէ մանուկներու եւ չափահասներու դէմ գործադրուած սեռային չարաշահումներու դատապարտումի մասին մանրամասն առաջարկներ որոնց շարքին նոր եւ յատուկ քարտուղարութիւններու եւ գրասենեակներու ստեղծում ըլլայ Հաւատոյ համաժողովի ըլլայ Առաքելական ատեանի ներքոյ։

Երեքշաբթի` 9 յունիսին կարդինալական խորհուրդը ունկնդրեց` Վատիկանի հեռուստակայանի կենդրոնի տնօրէն եւ անցեալ 23 ապրիլ 2015-ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կամքով ստեղծուած վատիկանեան հաղորդամիջոցներու քննարկումի յանձնախումբի նախագահ` գերապայծառ Տարիօ Վիկանոյի զրոյցը` հայող վատիկանեան հաղորդամիջոցներու մասին ներկայացուած ուսումնասիրութեան որ կը նախատեսէ չորս տարուայ երկարութեամբ վերատեսութեան ծրագիր մը որ ներկայ աշխատանքային անձնակազմի պահպանումը եւ հաստատութիւններու աստիճանական համախմբումը։

Սոյն հաստատութիւններ են, Ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդը, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, Ռատիօ Վատիկան, Վատիկանի հեռուստակայանի կեդրոնը, Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթը, լուսանկարչական ծառայութիւնը, Վատիկանի հրատարակչատունը եւ Վատիկանի համացանցային ծառայութիւնը։

Կարդինալական խորհուրդը դրական կարծիք յայտնեց ներկայացուած ծրագիրի մասին որ յաջորդ ամիսներուն կը նախատեսէ յատուկ ''նախարարութեան'' ստեղծում։

Այլ նիւթերու շարքին քննարկուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին` յառաջիկայ շրջաբերականի հրապարակումը ու անոր հայող տեղեկատուական հարցերը։

Կարդինալական խորհուրդի յաջորդ նիստը նախատեսուած է 14 եւ 16 սեպտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.