2015-06-10 10:30:00

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Առաջին իսկ հայեացքով այնպէս կը թուի, թէ մարդու հագագը չորցնող ծարաւը մէկ կողմէ, իսկ ջուրն ու անոր աղբիւրը միւս կողմէ, զիրար ամբողջացնող եռեակ երեւոյթներ են: Որովհետեւ ծարաւի զգացումին անհրաժեշտօրէն պէտք է պատասխանէ ջուրը, իսկ վերջինս անպայման ունի աղբիւր՝ ուրկէ կը բխի ու կը յագեցնէ ծարաւը:

Սակայն, բացայայտ է, որ առաջինը պէտք ունի միւս երկուքին, ու պէտք ունի ամէ՛ն գնով, որովհետեւ ի՞նչ կ՛արժեն անապատի նաֆթահորերը, երբ կիզիչ արեւուն տակ, այրող աւազին վրայ մէկ կաթիլ ջուրի կարիք ունենայ մարդ: Այդ պահուն յանձնառու կ՛ըլլայ ան, նոյնիսկ իր սեփականութիւնը եղող բազմաթիւ նաֆթահորեր նուիրելու անոր՝ որ ծարաւը յագեցնող մէկ բաժակ ջուր կը մատուցէ իրեն…:

Աղբիւրին մօտ կանգնած, կեդրոնացած հայեացքով անոր շուրթը համբուրող ու իրենց ծարաւը յագեցնող մարդոց դէմքին լրջութիւնը ու սիրտին գոհունակութիւնը, անբացատրելի զգացումներ են: Միւս կողմէ, մարմինը իր կենսունակութեամբ վերաշխուժացնելուն հետ, ջուրը մարդկային հոգին եւս կը զուարճացնէ: Նոյնը դիտելի է նաեւ բնազդով ապրող կենդանական աշխարհին մէջ: Թռչուններու պարագային նշմարուող գլխու վեր բարձրացումը ջուր խմելէ ետք, շատեր կը թարգմանեն իբրեւ Աստուծոյ «գոհութիւն յայտնելու» բնազդային արարք: Ինչքան ալ պատկերաւոր բացատրութիւն ըլլայ այդ, անպայման ունի խորհուրդ իր մէջ, որ միաժամանակ մտածել պէտք է տայ բանական էակներուս, այն բացառիկ հեղուկին՝  ՜՜ջուրին՝՝ մասին, առանց որուն կեանքը պիտի դադրէր գոյութիւն ունենալէ այս մոլորակին վրայ:

Ջուրին անհրաժեշտութեան մասին ամէն օր կը խօսուին ճառեր, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ կը հնչեցուին ահազանգներ, յիշեցնելու համար թէ օրէօր աւելի սահմանափակ կը դառնան այն աղբիւրները, որոնք կոչուած են բաւարարելու համայն աշխարհի մէջ ջուրի սպառումը: Մարդկութեան բազմանալուն հետ այնքան առնչուած չէ՛ այս մտահոգութիւնը անպայման: Աշխարհի բնական հարստութիւններէն գլխաւորը նկատուող ջուրը հաւասարապէս բաժնուելու խնդիր գոյութիւն ունի միջազգային գետնի վրայ, երբ հզօր պետութիւններ, կամ տնտեսապէս աւելի զօրաւոր երկիրներ «բնական» իրաւունքով իրենց կը վերապահեն աւելի լայն օգտագործումը այդ հարստութեան, մինչ աւելի համեստ կարողութեամբ ժողովուրդներ երաշտի կը մատնուին:

Ջուրին տրուած  կարեւորութիւնը մարդկութեան կողմէ, առիթ կու տայ խորհրդածելու առիթ կու տայ նաեւ, այլ տեսակի այն աղբիւներուն մասին, որոնցմէ կ՛ըմպեն մարդիկ, յագեցնելով իրենց այս կամ այն տեսակի «ծարաւը»:

Ուրիշին օժանդակութեան կարիքը ունեցող մարդոց համար յաճախ օգտագործուող «Ո՞ր աղբիւրէն կ՛օգտուի արդեօք» խօսքը, կարելի է ընդհանրացնել, կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վրայ տարածելով զանիկա: Նոյնիսկ շատ ինքնավստահ ու ինքնաբաւ մարդիկ, այս կամ այն մարզին մէջ զգացած իրենց կարիքին դիմաց, կը փնտռեն «աղբիւր», ուրկէ կարենան ըմպել հարկ եղած քանակութեամբ «ջուրը»: Ասոր ամէնէն գործնական տեսակները զօրակցութեան կամ մխիթարութեան կարիքներն են, որոնց պէտք ունին նոյնիսկ թագաւորներ, կամ՝ նոյնիսկ շատ ինքնավստահ մարդիկ:

Աղբիւրէն խմելէ ետք ամէն մարդ կռնակ կը դարձնէ անոր, երթալու համար իր գործին: Սակայն անիկա գիտէ, որ նոյն աղբիւրէն ինք եւ իր համագիւղացինեը դարձեալ պիտի օգտուին, ուստի չի՛ վնասեր անոր, ո՛չ ալ կը պղծէ զուլալ ջուրը, իր անպատասխանատու արարքներով:

Փորձառաբար ստուգուած է, որ շատ քիչ թիւով մարդիկ կը մտածեն վերստին յայտնուելիք ծարաւին մասին, երբ կուշտ ու կուռ կը խմեն աղբիւրէն: Մինչեւ իր հագագին բերանը ջուրով զովացուցած մարդը, ալ չկարենալով յաւելեալ ջուր խմել, կռնակ կը դարձնէ աղբիւրին, ու կը հեռանայ անկէ, առանց խորհելու, թէ շուտով դարձեալ պիտի ծարաւի եւ դարձեալ հրատապ կարիքը պիտի զգայ կենսատու ջուրին:

Ջուրը միակ հեղուկն է, որուն կարիքը չի՛ կրնար անտեսել մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Տարիքի բերմամբ սեղմուող մարդկային կոկորդէն վար հոսող միակ հեղուկը Աստուածապարգեւ ջուրն է: Հոգեվարքի մէջ եղող մարդուն վերջին փափաքներէն մէկն ալ շրթներուն ջուրով թրջուելու խնդրանքն է…: ՜՜Անբարոյութիւն է՝՝ խմած աղբիւրին ջուրը պղտորելը, կամ անոր առուակները անճոռնի քարերով կործանելը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.