2015-06-09 08:38:00

Ռայի Պատրիարքը մասնակցեցաւ Սուրիոյ մէջ Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերուն վեհաժողովին։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Դամասկոս, երէկ Պապ Շարքիի Մարեմական միաբանութեան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց օրուան պատարագին` իր արտասանած քարոզին մէջ նշելով, որ իրենք կը բաժնեն միացեալ մտահոգութիւն մը` իրենց ժողովուրդները իրենց հողերուն վրայ պահպանելու առումով:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին Սայտնայա այցելութիւնը ջնջուեցաւ` նկատի ունենալով Պէյրութ վերադարձի իր պայմանաւորուածութիւնը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Դամասկոսի մէջ մասնակցեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն վեհաժողովին, որուն մասնակցեցան Անտիոքի եւ համայն արեւելքի եւ 5 պատրիարքները:

Վեհաժողովէն ետք յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց պատրիարքներուն աղօթելու քրիստոնեաներուն միասնականութեան համար, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու շրջանին մէջ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը` երաշխաւորելու համար Սուրիոյ միասնականութիւնը:

Մաալուլի շեշտեց, որ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը հաստատած են, որ հաւատադրժողական շարժումներուն դիմադրելու ժամանակը հասած է արդէն, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն:

Վեհաժողովը ընդգծեց այս դժուար օրերուն ընթացքին յոյսին եւ ապրելու կամքին կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին օժանդակելու Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութեան վերջ դնելու եւ Սուրիոյ տագնապին համար խաղաղ-քաղաքական լուծման մը յանգելու աշխատանքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.