2015-06-09 11:50:00

Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կը պաշտպանեն համակեցութեան քաղաքականութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Մուսլուի երբեմնի առաջնորդ` գերապայծառ Քասմուսա խօսք առնելով Լոզանի մէջ տեղի ունեցող հաւաքին մը ըսաւ ''մենք չենք (Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներս) որ կը մերժենք ''միասին ապրելու'' գաղափարը, սակայն ճշմարիտ միասին ապրիլը կարելի չէ իրականացնել բռնութեամբ, անարդարութեամբ, խտրականութեամբ, փոքրամասնութիւնը լռութեան մատնելով (մեծամասնութեան կողմէ) եւ մասնաւորապէս եթէ այդ կը կատարուի յանուն կրօնի։

Գերապայծառ Քասմուսա Լոզան կը գտնուի մասնակցելու 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն։ Ան` ձայնասփիւռէն սփռուած, մատուցած սուրբ պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ  ընդգծեց. ''Մենք (Միջին Արեւելք քրիստոնեաներս) այս հողերու վրայ կը գտնուէինք իսլամութենէն 6 դար առաջ, մեր պատմութեամբ, հողով, եկեղեցիներով, վանքերով, ժառանգութեամբ ու Քրիստոսի խօսած լեզուով։ Ուրիշներ (կարգ մը մահմետականներ) մէկ դարէ ի վեր մեզ կը հալածեն աշխատելով  մեզմէ խլել քաղաքացիական մեր իրաւունքը` մեր անցեալը, մեր հասարակութիւնները մատնելով գաղթականութեան ու աքսորի` աշխարհի չորս ծագերուն մէջ''։

Գերապայծառ Քասմուսան ապա հաստատեց թէ ''Աստուած ոչ ոգի սեփականութիւնն է։ Ոչ մէկ պատճառաւ կարելի է օգտագործել Աստուծոյ Սուրբ Անունը, արդարացնելու մարդու սպանութիւնը, անոր ինչքերու թալանումը, ժողովուրդի մը ոչնչացումը, անոր պարտադրելով կրօնք եւ օրէնք։ Աղօթքն ու երկրպագութեան ծիսակատարութիւնները իմաստէ զուրկ են եթէ սրտէն չեն բխիր։ Տէրը ոչ ոգի սեփականութիւնն է, ոչ ցեղի մը եւ ոչ վայրի մը։ Այլ չկայ ս. քաղաք, Աստուծոյ ժողովուրդ, ընտրեալ ազգ առանձնական իմաստով։ ''Յիսուսի Աւետարանը ուղղուած է բոլոր ազգերուն որպէս բարի աւետիս, որպէս փրկութեան ճանապարհ եւ որպէս ազատագրում'' յայտնեց գերապայծառ Քասմուսա։








All the contents on this site are copyrighted ©.