2015-06-09 11:34:00

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները դրական են ըսաւ Մոկերինի


Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հանի միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ յառաջիկային Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացման համար նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին:

Եւրոպական Միութիւնը բարձր գնահատած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած 86 առ հարիւրի մասնակցութեան ցուցանիշը` զայն նկատելով Թուրքիոյ ժողովրդավարացման ուժեղ ցուցանիշ, որ յառաջիկային Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններուն ամրապնդման համար նոր կարելիութիւններ կրնայ ստեղծել:

Միացեալ յայտարարութեան մէջ կարեւոր կը նկատուի խորհրդարանին մէջ հիմնական կուսակցութիւններու ներկայացուած ըլլալը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.