2015-06-08 09:00:00

Արեւելքի ասորական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը Քիւրտիստանի Տադուք շրջանին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այս օրերուն սկիզբ առաւ Արեւելքի աշուրական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը, որուն կը մասնակցին 14 եպիսկոպոսներ, որոնց կարգին ներկայ տեղապահը Հնդկաստանի մետրապոլիտ  Մար Աֆրեմ Մուքէնը''  կը հաղորդագրէ  Վատիկանի օրաթերթ` Օսսերվատորէ Ռոմանոն  մատնանշելով որ Ասորական եկեղեցւոյ հաւատացեալները կը հաշուեն աւելի քան 400 հազար հաւատացեալ ցրուած աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։

Սիւնոդոսական հայրերը իրենց այս նիստերու ընթացքին պիտի ընտրեն ''Mar Dinkha IV'' երջանկայիշատակ պատրիարքին յաջորդը, որ իր մահկանացուն կնքած էր 26 Մարտ 2015-ին։ Ան 39 տարիներ ղեկավարած էր  Արեւելքի ասորական եկեղեցին եւ առիթը ունեցած էր տեսակցութիւն ունենալու Յովհաննէս Պօղոս  Բ., Պենետիկտոս ԺԶ եւ ֆրանչիսկոս, երեք Քահանայապետերուն հետ։

Սիւնհոդոսական հայրերը պիտի քննարկեն ապա  պատրիարքութեան աթոռը Իրաք (Էրպիլ)  վերադարձնելու կարելիութիւնը։ Աթոռը այժմ կը գտնուի Միացեալ նահանգներուն մէջ տրուած ըլլալով որ  1933-ին Mar Eshai Shimun XXIII պատրիարքը իրաքեան կառավարութենէն աքսորուելով  Կիպրոս, 1940-ին աթոռը կը փոխադրէ ԱՄՆ։

Նշենք թէ Mar Dinkha IV երջանկայիշատակ պատրիարքը 2014-ի  Հոկտեմբերին հանդիպում ունենալով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ընդգծած էր հալածուած քրիստոնեաներուն հետ զօրակցութեան կարեւորութիւնը ըսելով ''Երբ մեր եղբայրներն ու  քոյրերը ամէն օր կը տանջուին ու կը հալածուին մեզի բնական կու գայ միանալ անոնց առանց նկատի առնելու ծէսն ու դաւանանքը, անոնցմով Քրիստոսի մարմինը, այսօր եւս, կը տանջուի, կը վիրաւորուի ու կը խոնարհի։ Կրօնական, քաղաքական եւ տնտեսական ոչ մէկ արդարացում կարելի է գտնել յաչս այս բարբարոսութեան։ Մեր աղօթքով ու զօրակցութեան մենք մեզ խորապէս միացած կը զգանք Քրիստոսի Մարմնի տանջուող անդամին հետ''։

''Մար Տինքա Դ Պատրիարքի մահով, Քրիստոնեայ աշխարհը կորսնցուց հոգեւոր կարեւոր եւ մեծ առաջնորդ մը'' գրած էր ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, անոր մահուան ի լուր յղած ցաւակցական հեռագիրին մէջ։ Երջանկայիշատակ Պատրիարքը,  հաստատած էր Հռոմի Պապը, եղաւ քաջ եւ իմաստուն հովիւ մը որ հաւատարմութեամբ ծառայեց իր հասարակութեան, դժուար ժամանակներու ընթացքին եւ որ տառապեցաւ ի տես Միջին Արեւելքի աղէտալի կացութեան, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։ Ֆրանչիսկոս Հռոմի Պապը հեռագիրը եզրափակեց իր մօտիկութեան զգացումները արտայայտելով արեւելեան եկեղեցւոյ կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ գոհաբանութիւն յայտնելով Աստուծոյ` երջանկայիշատակ Պատրիարքին երկխօսութեան եւ համամիութեան ի սպաս տածած աշխատանքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.