2015-06-07 10:14:00

''Միր Վամա'' Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Սարայեւօ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միր Վամա – խաղաղութիւնս ձեզի'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սարայեւօ կատարած առաքելական միօրեայ ճամբորդութեան կարգախօսը որ վերջ գտաւ շաբաթ` 6 յունիսի երեկոյեան ժամը 9-ին շուրջ, երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սաւառնակը վայրէջք կատարեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան։

Միօրեայ առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ  Ֆրանչսիսկոս Պապին երիտասարդութեան հետ ունեցած խանդավառ հանդիպումը որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը   անոնց յանձնեց պարտականութեան  մը` ''կերտել խաղաղութիւնը''։

Սարայեւօ կեցութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպումներ ունեցաւ երկիրն պատկան իշխանութիւններուն հետ, բացօթեայ պատարագ մատոյց Սարայեւոյի մարզադաշտին մէջ, հանդիպեցաւ տեղական եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին հետ ու ապա մասնակցեցաւ միջ- կրօնական աղօթքի հանդիպումին։

Երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Ան յանձնարարեց անոնց ըլլալ ու կերտել կամուրջներ ու աշխատիլ վասն միութեան։ Դուք – ըսաւ Սրբազան Հայրը – յետ պատերազմի գարնան ծաղիկներ, միասնաբար աշխատեցէք խաղաղութեան ի սպաս, որպէսզի այս երկիրը ըլլայ խաղաղութեան երկիր'' – Միր Վամա – ըսաւ ու կրկնեց Սրբազան Հայրը, Միր Վամա – խաղաղութիւն ձեզի։

''Պարտականութիւնը որ ձեզի կը թողում այս է ''խաղաղութիւնը կերտեցէք''` միասնաբար, չկայ ես եւ անոնք կայ միայն մենք'',  յարեց Նորին Սրբութիւնը, այս առթիւ պատրաստած գրաւոր ճառը յանձնելով տեղւոյն եպիսկոպոսին ու նախընտրելով երիտասարդներուն հարցումներուն պատասխանել, որոնց ընդմէջէն անդրադարձաւ հեռատեսիլի եւ համակարգիչի ու ցանցի վտանգներուն ու անոնց ներկայացուցած իրողութիւններու որակին, յանձնարարելով երիտասարդները այդ միջոցները  օգտագործել միայն զարգացումի համար եւ զգուշացնելով ներկայացուած վտանգներէն բարոյական գետնի վրայ։

Սրբազան Հայրը հուսկ դատապարտեց աշխարհի ''մեծերը'' որ յաճախ պերճախօսութեան կը խօսին խաղաղութեան մասին սակայն կը զբաղին զէնքի վաճառականութեամբ։  Ասիկա – ըսաւ Ան – կեղծաւորութիւն է։ Ձեզմէ կը սպասեմ ուղղամտութիւն ձեր մտածելակերպի եւ գործելակերպի միջեւ։ Պարկեշտութիւն եւ ոչ  թէ կեղծաւորութիւն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա միութիւն, կամուրջներու կերտում, որպէսզի կողմերը իրարու միանան, այս է եղբայրութիւնը հաստատեց Քահանայապետը մաղթելով որ այս երկիրը ըլլայ խաղաղութեան երկիր։ Միր Վամա` այս մէկը մի մոռնաք եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն յանձնած վերջին պատգամը նախ քան Հռոմ վերադարձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.