2015-06-06 10:16:00

''Ցուրտ ձմռան աւարտին թող վերածնի գարունը'' ըսաւՊապը նախագահական պալատին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 6 յունիսի առաւօտեան, Սարայեւօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հանրապետութեան նախագահական երրեակ վարչակազմի հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ երկրին քաղաքական եւ քաղաքացիական  իշխանութիւններուն ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել իրեն վերապահուած սիրալիր ընդունելութեան, բացայայտելով իր ուրախութիւնը գտնուելու այդ քաղաքին մէջ որ բազմիցս տառապեցաւ, անցեալ դարու արիւնալի հակամարտութիւններու պատճառով եւ որ այժմ դարձեալ վայր է երկխօսութեան եւ խաղաղ համակեցութեան։

Սարայեւոն եւ Պոզնիա Հերցեկովինան – ըսաւ Սրբազան Հայրը  - յատուկ նշանակութիւն մը ունին Եւրոպայի ու համայն աշխարհին համար. Դարերէ ի վեր այս հողերու վրայ ներկայ են հասարակութիւններ, որոնք տարբեր կրօններ կը դաւանին եւ կը պատկանին տարբեր ցեղերու եւ մշակոյթներու, որոնք հարուստ են իրենց յատկանշական  իւրայատկութիւններով  եւ աւանդութիւններով, որոնք արգելք չեն հանդիսացած բարեկամական եւ սիրալիր փոխադարձ կապերու հաստատումին։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Սարայեւոյի ճարտարապետական բնոյթին ուր իրարու մօտ կը գտնուին` սինակոկներ­,­ եկեղեցիներ եւ մզկիթներ որ անոր արժանացուցին ''եւրոպայի երուսաղէմ'' անուանումը։

''Ան կը ներկայացնէ մշակոյթներու, ազգերու եւ կրօններու խաչմերուկը''­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ`  ''Մենք պէտք ունինք հաղորդելու, վերագտնելու ամէն մէկուն հարստութիւնը ու արժէքաւորելու այն ինչ որ մեզ կը միացնէ։ Հարկաւոր է համբերատար եւ վստահելի երկխօսութիւն մը որպէսզի առօրեայ հարցերը եւ անցեալին վէրքերը խնամուին''։

Ես եկած եմ որպէս խաղաղութեան եւ երկխօսութեան պատգամաւոր, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կատարած առաքելական այցելութենէն 18 տարիներ ետք եւ ուրախ եմ ականատես ըլլալ կատարուած յառաջդիմութիւններուն որոնց համար պէտք ենք գոհութիւն յայտնել Տիրոջ ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց։  Կարեւոր է սակայն չբաւարարուիլ, այլ յառաջ ընթանալ ու նոր առիթներ ստեղծել ամրապնդելու փոխադարձ յարգանքը ու այս ընելու համար հարկաւոր է միջազգային ընկերութեան մօտիկութիւնն ու սատարը ու յատկապէս Եւրոմիութեան ու Պոզնիա Հերցեկովինայի մէջ գտնուող կազմակերպութիւններու սատարը։

Այս հողին վրայ Խրուաթներու, Սերպերու եւ Պոզնիաք ցեղին միջեւ խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը ինչպէս նաեւ ձեռնարկները որոնց կը զարգացնեն մահմետականներու հրեաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները համայն աշխարհին կը վկայեն որ զանազան ու տարբեր ցեղերու եւ կրօններու միջեւ համագործակցութիւնը կարելի է։

Ամէնքս ալ պարտաւոր ենք դիմադրել բարբարոսութիւններուն ու անոնց որոնք ''տարբերութիւնները'' կ՛ուզեն օգտագործել բռնութիւններ բանեցնելու նպատակով եւ այս առընչութեամբ քաղաքական պատասխանատուները կանչուած են ըլլալու առաջին ծառաները իրենց հասարակութիւններուն, առաջնահերթութեամբ պահպանելով մարդկային անհատի արժանապատուութիւնը­, որուն մաս կը կազմէ կրօնական ազատութիւնը։ Այսպէսով կարելի կ՛ըլլայ կառուցել արդար եւ խաղաղ ընկերութիւն մը ու այս ընելու համար հարկաւոր է որ բոլոր քաղաքացիները հաւասար կերպով ներկայանան օրէնքին առջեւ, որեւէ ցեղի,­ կրօնի կամ աշխարհագրական մասի որ պատկանին, ունենալով միեւնոյն իրաւունքը ու սատարելով հասարակաց բարիքին։

Ճարին աւարտին Սրբազան Հայրը ակնարկեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բերած օժանդանկութեան ու մասնակցութեան Պոզնիա Հերցեկովինայի նիւթական եւ բարոյական կառուցումին, կիսելով մտահոգութիւններն ու ուրախութիւնները ու վկայելով իր մօտիկութիւնը հանդէպ աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն։

Սուրբ Աթոռը  - ըսաւ ապա Քահանայապետը – իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ այս տարիներու ընթացքին իրականացուած ուղեւորութեան եւ կ՛ապահովէ իր հովանաւորութիւնը զարգացնելու համագործակցութիւնը, երկխօսութիւնը եւ զօրակցութիւնը վստահ ըլլալով որ խաղաղութիւնն ու փոխադարձ հասկացողութիւնը` իսկական եւ շարունակական զարգացումին ի նպաստ  եւ  քաղաքացիական համակեցութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ են  ։

Սրբազան Հայրը մաղթեց որ  Պոզնիա Հերցեկովինան բոլորին օժանդակութեամբ, սեւ ամպերու եւ փոթորիկներու հեռացումէն ետք կարենայ շարունակել իր ուղեւորութիւնը եւ ցուրտ ձմռան աւարտին վերածաղկի գարունը։

Սոյն զգացումներով Բարձրեալէն կը հայցեմ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն Սարայեւոյին ու համայն Պոզնիա-Հերեզիկովինային։








All the contents on this site are copyrighted ©.