2015-06-06 15:51:00

''Կ՛երթամ անդորրութիւն տանելու տառապողներուն'' յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) Դէպի Սարայեւօ տանող թռիչքի վրայ, իրեն ընկերացող 65 լրագրողներուն հետ հակիրճ հանդիպումի ընթացքին։ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ''Սարայեւօն կոչուած է նաեւ Արեւմուտքի Երուսաղէմ, կրօնական եւ ցեղային տարբեր մշակոյթներու քաղաք ու նաեւ քաղաք մը որ պատմութեան հոլովոյթին տառապանք կրեց ու այժմ կ՛ընթանայ խաղաղութեան ճանապարհի վրայ։ Ասոր համար է որ այս ճամբորդութիւնը կը կատարեմ` որպէս խաղաղութեան նշան ու խաղաղութեան համար աղօթք։ Շնորհակալ եմ ձեր ընկերութեան''։

Ապա Սուրբ Աթոռի գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին` Առաքելական ճամբորդութեան մասին արտայայտուելով ըսաւ` ''Ֆրանչիսկոս Պապը ''գարնանային'' պատգամը մը տարաւ Սարայեւօ,­  յոյսի ու խաղաղութեան պատգամը մը ու պատերազմի դէմ պատգամ։ Քահանայապետը – ըսաւ Հայր Լոմպարտին – յայտնեց թէ ''յոյսը ճամբորդութեան ամենակարեւոր բառերէն մին է'' ու այդ ի յայտ եկաւ անոր պատգամէն '' ''Ցուրտ ձմռան աւարտին թող վերածնի գարունը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.