2015-06-05 08:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսի Մարմնոյ Եւ Արեան տօնին առթիւ արտասանած քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 4 յունիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի մայր տաճարի հրապարակին վրայ նախագահեց Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին սուրբ պատարագը որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրը։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկելով Յիսուսի վերջին ընթրիքին հաստատեց թէ Յիսուս վերջին ընթրիքի պահուն իր Մարմինն ու Արիւնը հացի եւ գինիի կերպարանքներու տակ կը շնորհէ մեզի, իր անսահման սիրոյն զոհաբերումին որպէս յիշատակ։

Այս իրողութեան դիմաց Եկեղեցւոյ զարմանաքը անսպառ է ըսաւ ապա Քահանայապետը մէջբերելով սուրբ գրային հետեւեալ ընթերցումը ''Այս հացին մէջ ճանչցէք Ան որ խաչուեցաւ, բաժակին մէջ` անոր կողէն հոսած արիւնը։ Առէք եւ կերէք Քրիստոսի Մարմինը ու ըմպեցէք անոր Արիւնը, որովհետեւ այժմ Քրիստոսի  անդամներ էք։ Որպէսզի չի կազմալուծուիք, կերէք այս հաղորդութեան կապը եւ որպէսզի չարժէքազրկուիք ըմպեցէք գինը ձեր փրկութեան։

Հարց տանք – ըսաւ ապա Քահանայապետը ինչ ըսել է կազմալուծուիլ եւ արժէքազրկուիլ ու պատասխանեց ''մենք կը կազմալուծուինք երբ Աստուծոյ Խօսքին չենք հնազանդիր, երբ մեր միջեւ չենք ապրիր եղբայրութիւնը եւ երբ կը մրցակցինք առաջին տեղերը գրաւելու համար ու երբ քաջութիւնը չունինք սէրը վկայելու ու կարող չենք յոյս նուիրելու։

Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզի թոյլ կու տայ չկազմալուծուիլ որովհետեւ հաղորդութեան կապ է եւ ուխտի կատարում, կենդանի նշան Քրիստոսի սիրոյն որ խոնարհեցաւ եւ նսեմացաւ որպէսզի մենք մնանք միացած։ Քրիստոս որ մեր մէջ ներկայ է հացի եւ գինիի նշաններուն մէջ, կը պահանջէ որ սիրոյ զօրութիւնը գերազանցէ ամէն արտասուք ու միեւնոյն ժամանակ դառնայ հաղորդութիւնը աղքատին հետ, նեցուկ տկարին, եղբայրական հոգատարութիւն անոնց որոնք դժուարութիւն ունին առօրեայի բեռերը վերցնելու։

Իսկ արժէքազրկում կը նշանակէ ժամանակակից կուռքերուն ազդեցութեան ենթարկուիլ` ամէն գնով յայտնուիլ, սպառել, Եսը որպէս կեդրոն դասել ու ապա մրցակցիլ, ամբարտաւանութիւն գործածել որպէս յաղթութեան վարմունք, երբեք չընդունիլ թէ սխալ գործած ենք եւ կամ ուրիշներու կարիքը ունինք։ Այս բոլորը մեզ կ՛արժէքազրկէ, մեզ կը դարձնէ միջակ, գաղջ եւ անհամ քրիստոնեաներ։

Յիսուս իր արիւնը թափեց որպէսզի բիւրեղանանք մեր մեղքերէն։ Փորձարկենք ուրեմն այս կերպարանափոխութիւնը որովհետեւ թէեւ կը մնանք խեղճ մեղաւորներ, Քրիստոսի արիւնը մեզ կ՛ազատէ մեղքէն ու մեզի կը վերադարձնէ մեր արժանիքը։ Այսպէսով է որ Սուրբ հաղորդութիւնը կ՛այժմէականացնէ դաշինքը որ մեզ կը սրբացնէ, մեզ կը բիւրեղացնէ ու մեզ կը միացնէ  Աստուծոյ հետ սքանչելի հաղորդութեան մէջ։

Այսօր` Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին օրը, ուրախութիւնն ունինք ոչ միայն տօնախմբելու այս խորհուրդը այլ նաեւ փառաբանելու եւ գովաբանելու Տէրը մեր քաղաքի ճանապարհներու վրայ։ Եւ թափօրը, զոր պիտի կատարենք պատարագի աւարտին, ըլլայ արտայայտութիւն մեր  երախտագիտութեան այն ճանապարհին զոր Աստուած մեզի հարթեց մեր խեղճութեան անապատին մէջ որպէսզի մեզ ազատագրէ մեր ստրկութենէն, իր Սիրոյն սնունդով` իր սուրբ Մարմնոյն եւ Արեան խորհուրդի միջոցաւ։

Քիչ ետք երբ սկիզբ առնէ ուղեւորութիւնը մենք մեզ զգանք հաղորդութեան մէջ մեր այն բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ որոնք ազատութիւնը չունին արտայայտելու իրենց հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Մենք մեզ զգանք միացած անոնց հետ փառաբանելով եւ գովաբանելով Տէրը։ Ու մեր սրտերուն մէջ մեծարենք մեր այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնցմէ պահանջուեցաւ իրենց կեանքը զոհել Քրիստոսի հաւատարիմ մնալու համար, անոնց արիւնը միացած Տիրոջ արիւնին ըլլայ գրաւական խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն համայն աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.