2015-06-05 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապի գրաւոր պատգամը Յիսուսի Սուրբ Սրտի անուան միաբանութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ, Ուրբաթ` 5 յունիսի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Յիսուսի Սուրբ Սրտի նուիրուած ''Տէոնիան'' կոչուած  միաբանութեան անդամներուն հետ, որոնք Հռոմի մէջ գումարած են միաբանութեան ընդհանուր ժողովը։

Այս առթիւ Նորին Սբրութիւնը անոնց փոխանցեց գրաւոր  պատգամ մր  որուն սկիզբը շնորհաւորեց Միաբանութեան նորընտիր մեծաւորը`  Հայր Հէյնէր Վիլմէրը ապա ողջունեց միաբանութեան անդամները որոնք աշխարհի չորս ծագերուն մէջ վեհանձնութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելական ծառայութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Միաբանութեան ընդհանուր ժողովի ''Ողորմածներ, հասարակութեան մէջ աղքատներուն հետ'' բնաբանին՝ մէջբերեց Մատթէոս Աւետարանէն “Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ ողորմածութիւն պիտի գտնեն”(Մտթ Ե. 7)  հատուածը եւ  յարեց՝ ՝՝Որպէս կրօնաւորներ կանչուած էք ըլլալու գթասիրտ, այսինքն՝ խորապէս ապրիլ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ՝ աղօթքով,  Սուրբ Գրքի խորհրդածութեամբ եւ Սուրբ Պատարագի  մատուցումով, որպէսզի մեր բոլոր կեանքը հանդիսանայ  ճանապարհորդութիւն եւ աճում Աստուծոյ ողորմածութեան մէջ։” 

“Ողորմածութիւնը՝ Աւետարանի եզրափակիչ բառն է, կրնանք ըսել որ Քրիստոսի դիմագիծն է. այն դիմագիծը, որ կը յայտնուէր՝ երբ Ան կը  հանդիպէր  բոլորին հետ՝  հիւանդներուն, մեղաւորներուն, եւ մանաւանդ՝ երբ Խաչին վրայ կը ներէր բոլորին՝ ցուցաբերելով Աստուծոյ ողորմածութեան դիմագիծը”  մատնանշեց  Սրբազան Հայրը ու աւելցուց ՝՝Ձեր միաբանութեան պատմութիւնը բնորոշուած եւ արդիւնաւորուած է ձեր անթիւ եղբայրակիցներու կեանքի վեհանձն զոհողութեամբ ի սպաս Աւետարանին ծառայութեան, որոնք ապրեցան հեզութեամբ եւ աղքատութեամբ։ Անոնց Աւետարանի նուիրումը թող լուսաւորէ ձեր միսիոնարական յանձնառումը եւ քաջութիւն ներշնչէ յարատեւելու եկեղեցական ձեր յատուկ առաքելութեան մէջ՝ վերանորոգուած առաքելական սլացքով''։

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնեց, որ Միաբնութեան ընդհանուր ժողովի արդիւնքները՝ միաբանութիւնը առաջնորդեն յարատեւելու վեհանձնութեամբ իր ճանապարհորդութեան մէջ՝ Միաբնութեան հիմնադիրի ուղեգիծին վրայ։ Ապա՝ հայցելով Սուրբ կոյս Մարիամի հովանին, ներկաներուն շնորհեց իր  առաքելական օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.