2015-06-05 08:42:00

''Արեւելք եւ Արեւմուտք. Խաղաղութեան երկխօսութիւն'' դասախօսութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) 8 եւ 9 Յունիսին, Սանդ Էճիտիօ հասարակութիւնը  կազմակերպած է դասախօսութիւն մը որուն բնաբանն է ` ''Արեւելք եւ Արեւմուտք. Խաղաղութեան երկխօսութիւն''։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն իսլամ եւ քրիստոնեայ աշխարհէն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս  Ալ Ազհարի Աւագ Միւֆթին Muhammad Al-Tayyebը։ Հաւաքին կէտնպատակն է,  աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած քաղաքական ու մշակոյթի հանրաճանաչ անձնաւորութիւններուն հետ միասին քննարկել ու որոնել երկխօսութեան կարելիութիւնները ընդմէջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի ի սպաս խաղաղութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.