2015-06-05 09:02:00

2015 տարին կրօնաւորական կեանքի տարի


Ո՞վ աւելի ազատութիւն ունի, կրօնաւորը թէ աշխարհականը: Առաջին ակնարկով կրօնաւորը, պիտի պատասխանենք, որովհետեւ քահանային կամ կրօնաւորին կամ քահանային պաշտօնը միւսներէն գերազանց է եւ ինք մարդոց առաջնորդն է: Ինք վարիչն է իր առաքելութեանկամ ծուխին եւ հոն ամէն բան կախուած է իր կամքէն:

Ինք տէրն է իր տունին, իր ժամանակին, իր սովորութիւններուն եւ բացի հոգիներու հանդէպ քանի մը պարտականութիւններէն, ինք կրնա ազատօրէն տրամադրել իր ժամանակը: Ուզած տեղը կրնայ երթալ, հոն կենալ որքան փափաքի, ընտրել իր ընկերութիւնը:

բոլոր օրը ոչ ոք կրնայ բռնանալ իր ազատութեան վրայ կամ խանգարել զայն եւ եթէ հարկ եղածին պէս չսանձուի նման ազատութիւն մը կրնայ այլասերիլ:

Բոլորովին ազատ է, կախում ունի իր մեծաւորէն կամ եպիսկոպոսէն: Եթէ խնդիր մը յառաջանայ, ինքն է դատաւորը իր հարցին. ինք որոշում կ՛առնէ եւ օրէնքը ինք կը պատշաճեցնէ իր պարագային:

Բայց եւ այնպէս քահանան կամ կրօնաւորը իր կարգին բերբւմով կապեր ունի, որոնցմէ աշխարհականը զուրկ է: Մասնաւոր զօդով կապուած է հաւատքի եւ քրիստոնէական բարոյականի աւանդութեամբ մը, այն իմաստով որ այս աւանդութիւնը զինք կը ստիպէ ոչ միայն ինք պահել զանոնք, այլեւ ուրիշներու պահել տալու զանոնք: կապուած է եկեղեցական հայրապետական կանոններով, որոնք կը կանոնաւորեն թէ ընդհանուր եկեղեցւոյ գնացքը եւ թէ՛ իր թեմին գործունէութիւնը:

Բայց անոնցմէ զատ ինք կապուած է երեք մասնաւոր պարտաւորութիւններով. նախ կուսութեան օրէնքով, որով նախապէս անդրադարձանք անոր, որ իրեն համար Ուխտի հաւասար բան մըն է: Եւ այս պարտաւորութիւնը կ՛ենթադրէ անջատում ու հեռացում ամէն ինչէ որ կրնայ արտաւորել սրտին ներքին մաքրութիւնը եւ կամ հեռացնել իր սիրտը Յիսուսի սրտէն:

Ապա կապուած է աղքատութեան հոգիով եւ հետեւաբար ապրելու է աղքատութեան հոգիով: Կրնայ ունենալ ճով ինչքեր ու առատ շահեր, սակայն հարկ է ապրի աղքատի մը նման: Եթէ հարուստի պէս ապրի, չ՛ապրիր իր Աստուածային Վարդապետին պէս: Որքան զինք սիրէ, այնքան պէտք է փափաքի անոր նմանիլ եւ անոր բաժինը ընտրել:

Երրորդ` կրօնաւորը եւ քահանան կապուած են հնազանդութեամբ: Այս հնազանդութիւնը իր օրէնքն ունի եկեղեցւոյ կանոններուն մէջ, բայց անոր մղիչ ուժը սէրն է` Յիսուսի  եւ հոգիներու, եւ անոր պարտաւորութիւնը առաջ կու գայ Խոստումէն, զոր կատարած է իր ձեռնադրութեան օրը, մեծաւորին առջեւ:

Սակայն այս երեք պարտքերէն զատ, կայ ուրիշ օրէնք մը եւ պարտաւորութիւն մը որ կը զօդէ Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն անդամները եւ մանաւանդ գլխաւոր անդամները, այսինքն քահանաները եւ կրօնաւորները: Այս օրէնքը կը կոչուի «ազատութեան օրէնք»: Ինչի՞ մէջ կը կայանայ ազատութեան օրէնքը: Ասոր մասին պիտի անդրադարնանք յաջորդ հաղորդումին մէջ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.