2015-06-04 09:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսապետէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան պատարագն ու թափօրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 4 յունիս 2015-ին, լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, երեկոյեան ժամը 7ին կը հանդիսապետէ Տիրոջ Մարմնոյ եւ Արեան տօնի սուրբ պատարագը, Հռոմի Լատերանեան Ս. Յովհաննէսի անուան մայր տաճարի հրապարակին վրայ, որուն աւարտին ապա կը գլխաւորէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը որ սկիզբ կ՛առնէ  Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի հրապարակէն ու վերջ կը գտնէ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ - Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճարի հրապարակին վրայ` անցնելով 1,3 քմ երկարութեամբ ''Մէրուլանա'' պողոտայէն ։ 
Անցեալ Կիրակի` 31 Մայիսին, Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղած էր բոլոր ուխտաւոր հաւատացեալներուն մասնակցելու այս տօնակատարութեան։

''Ժամը 7-ին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի  հրապարակին վրայ պիտի մատուցեմ սուրբ պատարագը ու ապա Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը հուսկ հետիոտն թափօրը մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ Ձեզ բոլորդ այժմէն իսկ կը հրաւիրեմ մասնակցելու այս հաւատքի արտայայտութեան եւ իր ժողովուրդին մէջ բնակող  Յիսուսի հանդէպ սիրոյն'' ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։

Յայտնենք թէ այս տօնախմբութեան աւանդական թափօրը հաստատուած է 16րդ դարուն եւ սոյն արարողութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կարդինալական դասի անդամներ, եպիսկոպոսներ եւ Հռոմի կղերական դասը ինչպէս նաեւ Հռովմէացի, իտալացի եւ օտարազգի բազմաթիւ ուխտաւորներ։ 

Սուրբ  Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, վերնատան մէջ,  վերջին ընթրիքի պահուն, որ կը յիշատակուի Զատկուայ շրջանի` Աւագ հինգշաբթի օրը երեկոյեան։ 

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, ան հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։ Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ 1870-ին սոյն աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` եւ միայն1979-ին է որ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետը զայն վերահաստատեց ու մինչեւ օրս կը շարունակուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.