2015-06-04 13:57:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ


Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթագիրքը կը կրէ “Մատեան Ողբերգութեան” տիտղոսը։ “Ողբերգութիւն” բացատրութեան մէջ սովորաբար կը տեսնենք ողբ, լաց, տխրութիւն, ընկճուածութիւն, տառապանք եւ մասամբ՝ յուսահատ վիճակ։ Բացասական տպաւորութիւններ են ասոնք։ Սակայն Ս. Աւետարանի հոգին չի յամենար կեանքի բացասական իրավիճակի մէջ, այլ կը գլէ կ’անցնի, կը գերազանցէ կեանքի այդպիսի պահերն եւ ապրումները՝ քրիստոնեային առջեւ բանալով լոյսի, յոյսի եւ յաւիտենական կեանքի իրականութիւնները։ Իրականութիւններ, որոնք հիմնուած են Աստուծոյ յայտնութեան եւ մարդեղութեան, եւ Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքին եւ անխախտ խոստումին վրայ։ Քրիստոնէական հաւատքը հիմնաւորող իրականութիւններ են ասոնք։
Այսպիսի յոյսի վկայութիւն մըն է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթագրքին 53րդ գլուխը։ Այնտեղ՝ ողբէ աւելի կը տեսնենք Աստուծոյ՝ Հօր, Որդւոյն, եւ Սուրբ Հոգւոյն շնորհած փրկութիւնը, ազատագրումը՝ մեղքէ եւ մահէ։ Աստուած այնտեղ կը ներկայացուի իբր համակ սէր, ամբողջական նուիրում, որ կը շնորհէ ներում Իր Որդւոյն մահով եւ Յարութեամբ՝ զոր կը յիշատակենք ամենօրեայ Սուրբ Պատարագին մէջ՝ “Եւ արդ մենք, Տէ´ր, այս պատուէրին համաձայն, յառաջ բերելով Միածնիդ Մարմնոյն եւ Արեան այս փրկաւէտ խորհուրդը, կը յիշենք մեզի համար անոր կրած փրկագործ չարչարանքները, կենսատու խաչելութիւնը, երեքօրեայ թաղումը, երանաւէտ յարութիւնը, աստուածապէս համբարձումը, քու առակողմդ նստիլը, Հա´յր, եւ անոր ահաւոր ու փառաւոր երկրորդ գալուստը կը դաւանինք եւ կ’օրհնենք։”
Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հաղորդութեան հաւատքն է, զոր այս տողերուն մէջ կը դաւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի։ Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ ճշմարիտ մարմին եւ արիւն Քրիստոսի։ Յիսուս այս աղօթքին մէջ կը ներկայացուի իբր քահանայապետ, խորտակող օրէնքի լուծին, անարիւն զոհ, քաւութեան բաշխող։ Ան մեր մեղքերը Իր վրայ կ’առնէ, մեզ կ’ազատէ մեղքի ամէն արատէ եւ կը հաշտեցնէ մեզ Աստուծոյ Հօր հետ։ Ամենօրեայ Սուրբ Պատարագին մէջ Յիսուս կը զոհուի, կրկին ու կրկին մեզի շնորհելով ներում եւ փրկութիւն։
 
Բան ԾԳ., Գ.

“Յիսուս՝ մարմնակից ու պատկերակից մեզի՝

Իբր քահանայապետ՝ օրէնքէն վեր, խորտակեցիր օրէնքի լուծը.

Փոխան արեամբ զոհուած անասուններուն՝

Բարեբանուած մարմնիդ նուիրումով՝ (Եբր Թ. 11-14)

Անմահապէս միշտ կը մատուցուիս,

Եւ անդադար քաւութիւն կը շնորհես։

Անդադար քաւութիւն կը շնորհես,

Ոչ լոկ անոնց՝ որ քիչ մեղքեր ունին, այլ նաեւ անոնց՝

Որոնք իրենց յոյսը կտրած են կեանքի փրկութիւն ստանալու։

Ի´նչ կարողութիւն ունի մամնական գոյութիւնը՝ մեղաւոր անդամներուն վրայ.

Բիւրաւոր տարիներ պիտի տեւէր այդ կենցաղը։

Այդ նպատակով իսկ՝ ամէնուն Աստուածդ՝ յօժարական զենուիլ յանձն կ’առնես,

Կը կրես մահը համբերութեամբ, կը բաշխուիս քաւութեան համար։

Դուն՝ մաքրութեան աղբիւր՝

Օրըստօրէ կը զոհուիս, ոչ թէ որովհետեւ մահապարտ ես,

Այլ քու կամքովդ եւ Հոգւոյդ գործակցութեամբ՝ միշտ կը մատուցուիս

Որպէսզի Հօրդ հաճիս եւ Զինք հաշտեցնես մեր հետ։

Անքնին Աստուած ամենայնի,

Իմ նմանութեամբս, ինծի համար, իմ անունովս եւ իմ փրկութեանս համար՝

Մարմինս կը միանայ քու էութեանդ, որ կը պարունակես ամէն մարմին՝

Այնպէս՝ իբր ես քու էութեանդ մաս կազմէի։

Այո, բարերա´ր, դուն՝ ինծի համար եւ իմ կերպարանքովս,

Իմ մեղքերուս բեռը քու վրադ առիր,

Անպարդտ՝ մահը ընդունեցար,

Մահապարտիս մեղքերուն պատիժը,

Իմ փոխան կրեցիր՝ իբր յանցաւոր

Այնպէս՝ իբր ես կամաւոր կերպով չարչարուէի քեզի հետ։

Բազմաթիւ անգամներ կը մեռնիս, եւ սակայն կը մնաս կենդանի,

Ոչ թէ ուրացողներու ձեռքով, այլ՝ Քեզ դաւանողներու հաւատքով՝

Կը զոհուիս իբր Աստուած, եւ կը բաշխուիս անբաժան մասերով։”








All the contents on this site are copyrighted ©.