2015-06-04 09:19:00

Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարի այցելութիւնը Ապու Տապի։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին` 11 եւ 12 Յունիսին պիտի այցելէ Արաբական Էմիրութիւններու` Ապու Տապի մայրաքաղաքը, հանդիսապետելու ս. Պօղոսի նուիրուած նորակառոյց երկրորդ  կաթողիկէ եկեղեցւոյ օծումին։

Սրբազան. Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ներկայութեամբ մշակոյթի ու երիտասարդութեան նախարար շէյխ Նահեան Պին Մուպարաք Ալ Նահեանի։ Յայտնենք որ Արաբական Էմիրութիւններու  մէջ կ’ապրին շուրջ մէկ միլիոն կաթողիկէներ տասը միլիոն բնակչութեան վրայ որոնց մեծամասնութիւնը օտարականներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.