2015-06-04 09:39:00

Պրազիլի ծերակոյտը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը


Պրազիլի դաշնակցային Ծերակոյտը 3 յունիսին վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ:

Թիւ 550/2015 բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտականներ Ալիոզիօ Նունեզ Ֆերէյրա Ֆիլոյի եւ Հոզէ Սերայի կողմէ: Հոն միաժամանակ կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու:

Բանաձեւը ներկայացուցած ծերակուտականները նաեւ կոչ ուղղած են Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ շինիչ երկխօսութեան սկսի Հայաստանի իշխանութեանց հետ:

Պրազիլի Հայ դատի յանձնախումբէն Ճէյմս Օննիկ Թամաճեան ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը, որ կը համընկնի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.