2015-06-04 10:16:00

Կարդինալ Փարոլինի ելոյթը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սարայեւօ այցելութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար` կարդինալ Փարոլին Վատիկանի ''CTV'' հեռուստակայանի հետ ելոյթ ունեցաւ Քահանայապետի Սարայեւօ այցելութեան մասին որուն մէջ մատնանշեց որ ''Սրբազան Հօր այցելութեան նպատակն է քաջալերել Պոզնիա եւ Հերցեկովինա ապրող կաթողիկէ հաւատացեալները, յարուցանել բարի սերմեր, զարկ տալ բարեկամութեան, եղբայրակցութեան, երկխօսութեան ու խաղաղութեան''։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը խօսելով հիւրընկալող երկրի կացութեան մասին ըսաւ ''պատերազմի հետեւանքները տակաւին շօշափելի են, մոռնալու չենք որ աւելի քան հարիւր հազար անհատներ զոհ եղան այդ պատերազմին, բազմաթիւ անձեր պարտաւորուեցան թողուլ իրենց տուներն ու գաղթել։ Ամէնէն աւելի կաթողիկէ հաւատացեալները կրեցին պատերազմի հետեւանքը, անոնք 800 հազարէն վերածուեցան 400 հազարի''։

Ներկայիս գործարկումի հետեւանքով երիտասարդները կը հեռանան երկրէն աշխատանք գտնելու հեռանկարով եւ ընտանիքները քիչ զաւակ կը բերեն - ըսաւ ապա կարդինալը մատնանշելով ապա երկրին քաղաքական կառոյցի բարդ դրութեան, որ արտայայտութիւնն է բնակչութիւնը կազմող երեք ցեղախումբերու ընդմէջէն` պոզնիացիները, սերպետը ու խրուաթները։

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը շեշտեց հարկաւորութիւնը իրագործել ճշմարիտ հաւասարութիւն մը քաղաքացիներու ու ընկերային, մշակութային ու քաղաքական զանազան խաւերու միջեւ, առանց որու կարելի չէ  - ըսաւ Ան - խաղաղութիւնը ամրապնդել երկրին մէջ ու ձգտիլ մաս կազմելու Եւրոպայի Միութեան։

Վատիկանի ''CTV'' հեռուստակայանի հետ ունեցաւ ելոյթի աւարտին Կարդինալ Փարոլին մաղթանք յայտնեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը, 6 Յունիսին, սատարէ ոչ միայն երկրին բարիքին ու բարւոքումին այլ եւ հրաւէր մը ըլլայ երկրի բոլոր բնակիչներուն որոնելու խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը ու մարդկային, հոգեւոր ու նիւթական բարգաւաճումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.