2015-06-04 09:14:00

Լոզանի մէջ համամիութենական Ս. Պատարագ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ կիրակի` 7 Յունիսին Լոզանի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի պիտի ունենայ համամիութենական մեծ ծիսակատարութիւն մը ոգեկոչելու համար հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, նոյնպէս եւ ասորիներու ու Քաղդէացիներու քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու սպանդը, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։

Համամիութենական ծիսակատարութեան կը մասնակցին հայ եւ ասորի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Արարողութենէն առաջ եռօրեայ զեկոյց մը տեղի պիտի ունենայ ‘’Հայկական Ցեղասպանութիւնը` 100 տարի ետք, ի՞նչպիսի կեանք մը կարելի է’’ նիւթին մասին։ Նախաձեռնութեան նպատակն է աղօթքով մեծարել նահատակներուն  յիշատակը  եւ ի տես Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կրած հալածանքներուն ձեռնարկել  յոյսի ծրագիր մը, միասնական համակեցութեան  հեռանկարով։

Զեկոյցին Էջմիածնի կողմէ իրեն մասնակցութիւնը կը բերէ Պագրատ եպիս. Կալստեանը, իսկ Իրաքէն խօսք պիտի առնէ Մուսուլ թեմի  առաջնորդը` գերապայծառ Ժորժ Քազմուսա ապա թուրքիայէն Հրանդ Տինք հիմնարկի նախագահ` տիկին Րաքել Տինք։

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի  արարողութիւնները սկիզբ պիտի առնեն հինգշաբթի 4 Յունիսի գիշերը լուսարձակելով հայկական շարժապատկերներ։

Ուրբաթ 5 Յունիսին` զրոյց կ՛ունենայ  Լիոնի  կաթողիկէ համալսարանի։ դասախօս Փորֆ Ժոզէֆ Եքուպ, խօսելով Ասորի-Քաղդէացիներու սպանդի մասին, մինչ` ներկայ Միջին Արեւելքի իրավիճակը կը ներկայացնէ փրոֆ. Եորտի Թեյել` դասախօս Ժընեւի համալսարանի միջազգային պատմութեան։ Իսկ եկեղեցիներու կացութեան մասին պիտի խօսի Քրլա Քիժոեան`  գործադիր քարտուղարուհի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին։ 

Շաբաթ 6 Յունիսին, Երեւանէն եկած ''Quintet Luys'' երաժշտական խումբը. հայկական մեղեդիներու համերգ մը պիտի տայ, որուն աւարտին բողոքականները աղօթք մը պիտի կատարեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։             








All the contents on this site are copyrighted ©.