2015-06-04 15:51:00

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ կարդ. Մամպերթիի հանդիպումին


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 3 յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն 12:30, Կարդինալ Ռաի պատրիարքին հրաւէրով, Պքէրքէյի մէջ տեղի ունեցաւ վսեմաշուք կարդինալ Մամպերթիի եւ Լիբանանի կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում: Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը:

Կարդինալ Ռաին եւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ եղան հանդիպումին մասնակցող միակ պատրիարքները, Լիբանանի այլ բոլոր համայնքապետերը մասնակցեցան իրենց ներկայացուցիչներով: Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ իսլամ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ շէյխեր: ինչպէս նաեւ  Լիբանանի Սուրբ Աթոռի պապական նուիրակը` գերապայծառ Կապրիէլէ Գաչչա:

Ռաի պատրիարքը իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց կարդինալ Մամպերթիին, որ կու գայ թարգմանելու սրբազան քահանայապետին մտահոգութիւնը հանդէպ ոչ միայն քրիստոնեաներուն այլ ամբողջ Լիբանանին:

Կարդինալ Մամպերթին ժողովականներուն ներկայացուց իր վերջին մի քանի օրերու`  լիբանանեան պետական անձնաւորութիւններուն հետ հանդիպումներու մասին տեղեկութիւններ որոնց հիմնական նիւթերէն մէկն էր քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը ըլլայ Լիբանանի մէջ, ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ: 

Հանդիպումին մասնակցողները իրենց միջամտութիւններով զարգացուցին արդէն հանրային կարծիքով տարածուած այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի ինքնութիւնը բազմատեսակ համայնքներու համակեցութեան մէջ է, եւ թէ յատկապէս Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը պէտք չէ պարպուի քրիստոնեաներէն: Սակայն իրականութիւնը այն է, թէ ծայրայեղ իսլամութիւնը, որ անուղղակիօրէն կը զինուի շրջանի այլ մեծ պետութիւններէն, կը շարունակէ աւերներ գործել ոչ միայն քրիստոնեաներուն հանդէպ, որոնք ամենէն դիւրաբեկն են, սակայն նաեւ իսլամներու հանդէպ:

Ապա խօսք առին իսլամ համայնքներու ներկայացուցիչներէն ոմանք իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով համայն քրիստոնեաներուն:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ մէկ պակասաւոր իրականութիւնը, այն է լիբանանեան հայրենասիրութիւնը:

Վերոյիշեալ հանդիպումի մասին արտայայտուելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ յայտնեց թէ կարդինալ Մամպերթիի առաքելութիւնը Լիբանան իմաստալից եւ արդիւնաւոր է որուն ընթացքին Ան բոլորին բացայայտեց եւ փոխանցեց սրբազան Քահանայապետին մտահոգութիւնները: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը աւելցուց նաեւ թէ Վատիկանը զինեալ ոյժեր չունի եւ ոչ ալ տնտեսական մեծ կարողութիւն, որպէսզի խաղաղութիւն բանեցնէ շրջանին մէջ: Թէեւ – հաստատեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ -  Հռոմի սուրբ Աթոռը բարոյական մեծ ոյժ կը ներկայացնէ այսօրուան աշխարհին դիմաց ու յատկապէս Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին անձնաւորութիւնը: Հոգեւոր Տէրը ապա ընդգծեց թէ ''այսօրուան դէպքերը պէտք ունին հետապնդումի, եւ պէտք ունին կարելի լուծումներու առաջարկներու’' ու մատնանշեց թէ ''ըստ երեւոյթին, մեծ հարցերէն մէկը կը թուի ըլլալ զինավաճառութիւնը մանաւանդ ծայրայեղ իսլամներու խմբակներուն'': 

Կարդինալ Մամպերթի ապահովցուց թէ այս բոլորը եւ իր հանդիպումներուն արդիւնքները հաւատարմօրէն պիտի փոխանցէ սրբազան քահանայապետին: Ան դարձեալ ապահովեցուց սուրբ Աթոռին զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ անոր բոլոր բնակիչներուն հանդէպ եւ վստահեցուց սրբազան քահանայապետին աղօթքները անոնց համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.