2015-06-03 12:35:00

Տաթեւի Վանքը «Business Insider»ի 16 ''Թաքնուած Մարգարիտներու'' ցանկին վրայ։


«Business Insider» կայքի աւստրալիական տարբերակը ներկայացուցած է Եւրոպայի զբօսաշրջութեան լաւագոյն վայրերէն քանի մը հատը, որոնք մինչեւ հիմա շատերու համար անյայտ են:
Թաքնուած մարգարիտներու իր ցանկին մէջ կայքը ներառած է 16 վայր: Այդ վայրերու շարքին կայքը ներկայացուցած է Տաթեւի վանքը:
«Հայաստանի Տաթեւ գիւղին մօտ կը գտնուի 9րդ դարու Տաթեւի վանքը: Անհաւատալիօրէն լաւ պահպանուած այս վանքէն հիասքանչ տեսարաններ կը բացուին», ըսուած է կայքի՝ լուսանկարներով հրապարակման մէջ:

Միւս կողմէն ` «Աքշամ»ի թերթի աշխատակից Ելտա Կէօքտաղ Անգարայէն կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հաստատած է Կարսի պաշտպանութեան խորհուրդին կողմէ Անիի աւերակներու շրջապատի մաքրութեան եւ վերանորոգութեան համար 2013ին պատրաստուած ծրագիրը։ Թերթը կը յիշեցնէ, որ Անիի Աւերակներու շրջանը ծանօթ է որպէս «Քառասուն դռներով քաղաք» կամ «1001 եկեղեցիներու քաղաք»։

ԵՈՒՆԵՍՔՕ վերջերս Անին ընդունած էր Համաշխարհային ժառանգութիւններու առժամեայ ցանկին մէջ։ Մշակոյթի նախարարութիւնը նպատակ ունի վերանորոգելու շրջանը, ապահովելու համար, որ Անին 2016 թուականին ընդունուի ԵՈՒՆԵՍՔՕի մնայուն ցանկին մէջ։

Վերանորոգութեան աշխատանքին համար պիտի հրաւիրուին զանազան մասնագէտներ, իսկ Մայր եկեղեցիին նորոգութեան համար պիտի հրաւիրուին նաեւ Հայաստանէն մասնագէտներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.