2015-06-03 09:33:00

Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մասունքը Քոլոմպիա հասաւ որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 2 Յունիս 2015-ին, Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մէկ մասունքը հասաւ Քոլոմպիա որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ եւ քաջալերանք բոլոր անոնց որոնք թիրախ եղան բռնութիւններուն։

Մասունքի ուխտագնացութիւնը կազմակերպեց ''Տեսանելի Զոհերու'' Հիմնարկը որպէս պատրաստութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քոլոմպիա կատարելիք հաւանական մէկ այցելութեան։ Ներկայացնելով Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մասունքը Պոկոթայի առաջնորդը` կարդինալ Ruben Salazar ըսաւ` Քոլոմպիայի ժողովուրդը կանչուած է աշխատելու ի նպաստ արդարութեան, զօրակցութեան ու երկխօսութեան, կերտելու համար աւելի  մարդկայնական ընկերութիւն մը, ինչպէս կը խնդրէ մեզմէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը








All the contents on this site are copyrighted ©.