2015-06-02 08:51:00

Սուրիա. Իսլամ կրօնապետերու կոչը Հայր Մուրատի ազատագրումին ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 21 Մայիսին, Հոմսի մէջ առեւանգուած  յիսուսեան հայր Ժաք Մուրատի ազատագրումին ի խնդիր շրջանի մահմետական կրօնապետերը ամէն ջանք կը թափեն կապի մէջ մտնելու առեւանգող խումբին հետ, հայր Մուրատը  ազատագրելու յոյսով։

Նշենք որ հայր Մուրատ 10 տարիէ ի վեր այնտեղ կը վարէ իր առաքելութիւնը, աշխատելով օգնութեան հասնիլ ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ մահմետական ընտանիքներուն։ Ան արդարեւ շատ ճանչցուած ու գնահատուած եկեղեցական մըն է, թէ քրիստոնեայ թէ մահմետական հասարակութիւններէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.