2015-06-02 09:23:00

Միլանոյի թեմի դրամահաւաքը Իրաքի քրիստոնեաներուն ի նպաստ։


(Ռատիօ Վատիկան) Միլանոյի թեմը դրամահաւաք կը կատարէ Իրաքի քրիստոնեաներուն ի նպաստ։ Դրամահաւաքին նպատակն է օգնութեան հասնիլ Իրաքի այն քրիստոնեաներուն որոնք արտահան եղան իսլամական պետութեան յառաջացումով դէպի հիւսիս։

Թեմին առաջնորդ` կարդինալ Սքոլա մտադիր է 16-20 Յունիս այցելութիւն կատարել Իրաք` ընդառաջելու Քաղդէացիներու պատրիարք Սաքոյի հրաւէրին։

Կարդինալ Սքոլա նախ պիտի այցելէ Էրպիլ քաղաքը, ի նշան զօրակցութեան հալածուած եւ արտահան եղած քրիստոնեաներուն, ապա պիտի անցնի Պաղտատ մայրաքաղաքը, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ եկեղեցական ու պետական անձնաւորութիւններուն հետ։

Նշենք որ աւելի քամ 125 հազար քրիստոնեաներ պարտաւորուեցան Էպրիլ գաղթել իրենց կեանքը փրկելու նպատակով։   








All the contents on this site are copyrighted ©.