2015-06-02 09:51:00

Մեծութիւնը կը կայանայ ուրիշին ծառայութեան մէջ


Այսպէս պիտի չըլլայ ձեր մէջ, այլ ընդհակառակն, եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ, թող ձեր սպաւաւորն ըլլայ: Իսկ եթէ մէկը կ'ուզէ առաջինն ըլլալ, թող ամէնուն ծառայէ: Որովհետեւ մարդու Որդին չեկաւ, որպէսզի ծառայութիւն ընդունի, այլ որպէսզի ծառայէ եւ իր կեանքը իբր փրկանք տայ բազմութեան համար:» (Մարկոս 10, 43-45)

Մարդս կը փորձէ բարձր տեղեր գրաւել, ինքզինք առաջին կարգին վրայ կանգնիլ, հպարտութիւնը կը մղէ զինք դասուելու միւսներէն առաջ եւ ատոր համար կը մոռնայ իր մարդկութեան տկարութիւնը եւ մանաւանդ մեծամեծներու յաջողութիւնները եւ ունեցած փառքերը շնորհիւ իրենց համեստութեան եւ խոնարհութեան:

Մենք քրիստոնեաներս բախտը ունեցանք Քրիստոսը ունենալու որպէս Փրկիչ եւ տիպար սիրոյ եւ ներողամտութեան, եւ մանաւանդ շնորհիւ իր աչքարու խոնարհութեան արարքներուն եւ ծառայութեան ոգիին:

Դժբախտաբար այսօրուայ կղերին մաս մը հեռացաւ Աստուծոյ խօսքէն եւ մանաւանդ Յիսուսի այդ խոնարհ, աղքատ եւ ծառայասէր ոգիէն եւ նախընտրեց Զէքէոսի որդիներուն նման փնտռել իրենց փառքն ու պատիւը:

Մեր կեանքը պտղաբեր դառնալու համար, պէտք ենք մտածել Յիսուսի նման որ իր կեանքը նուիրեց աշխարհին՝ զայն ազատելու համար մեղքին ստրուկութենէն: Յիսուս ուզեց հասկցնել իր աշակերտներուն որ իր առաքելութիւնը անպայմանօրէն պէտք է անցնիլ փրչագործութենէն: Այս է ճշգրիտ ճանապարհը զոր իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ բռնելու է, այսինքն զոհուելու եւ սիրելու. «Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չ'ինայ ու չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կու տայ» (Յովհ 12, 24), այսինքն մեր կեանքը լիուլի արդիւնաւոր դարձնելու ենք, քանի որ ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին նման՝ ծառայելու համար Աստուծոյ ժողովուրդին եւ իր Եկեղեցիին:

Այս օրերուն Տէրը իւրաքանչիւրիս կը հարցնէ, արդեօք կրնա՞նք ճաշակել միեւնոյն մարմինը եւ ըմպել նոյն բաժակէն: Մենք՝ իրեն հետեւողներս պատրա՞ստ ենք չարչարուելու, հալածուելու, անէծքներ ստանալու իր անունին համար, «որովհետեւ ծառան աւելի մեծ չէ քան տէրը. եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ պիտի հալածեն» (Յովհ 15, 20):

Չմոռնանք թէ Յիսուսը ապարդիւն չմեռաւ որովհետեւ իր մահուամբ եւ յարութեամբ մենք ժառանգեցինք իր հոգեւոր պտուղները: Քրիստոսը դարձեալ կը կրկնէ մեզի երբ կ'ըսէ թէ իր իշխանութիւնը չի նմանիր աշխարհային իշխանութիւններուն որովհետեւ քաղաքական մեսիայ մը չէր, երբեք չխոստացաւ հռովմեացիները Պաղէստինէն վռնտել եւ ոչ ալ հեռացնել, այլ իր իշխանութիւնը կը կայանայ ծառայութեան եւ խոնարհութեան մէջ:

Ինծի համար մեծ կարեւորութիւն ունի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքերը որ արտասանեց երիտասարդաց օրերուն ընթացքին Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէրօ քաղաքին մէջ, երբ ըսաւ. «Յիսուսի կեանքը եղաւ ուրիշներուն համար ծառայութեան կեանք մը:»

Կորնթացիներուն ուղղած թուղթին մէջ, Սուրբ Պօղոսը կ'ըսէր. «Ազատ ամէնուն հանդէպ, ինքզինքս ամէնուն ծառայութեան դրի՝ բազմութիւնը սիրաշահելու համար» (Ա. Կորնթ 9, 19): Սուրբ Պօշղոսը Քրիստոսի անձը եւ խօսքերը ճանչցնելու համար նախընտրեց ըլլալ ամէնուն ծառան:

Աւետարանել կը նշանակէ նախ եւ առաջ Աստուծոյ ճշմարիտ վկան դառնալ, մոռնալով մեր անձնասիրութիւնը, ուրիշներուն ոտքերը լուալ Յիսուսի նման:

Չյուսանք ունենալ հանգիստ կեանք մը առանց խաչի: Շարունակենք ապրիլ եւ հետեւիլ Յիսուսի օրինակին, այսինքն դառնալու բոլորին ծառայողը: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան      








All the contents on this site are copyrighted ©.