2015-06-02 08:35:00

Կարդինալ Մոմպերթիի Լիբանանի առաքելութիւնը կը շարունակուի։


Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց պապական պատուիրակ, Վատիկանի Առաքելական Դատարանի կառավարիչ` կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի:

Հանդիպումէն ետք կարդինալ Մոմպերթի նշեց, որ Պասիլի հետ քննարկած է շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ Վատիկանը Լիբանանի նկատմամբ յատուկ սէր եւ գուրգուրանք կը տածէ, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ազգային համերաշխութիւնը եւ տարբեր համայնքներուն միջեւ գոյակցութիւնը:

Կարդինալ Մոմպերթի շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը մտահոգ է լիբանանեան սահմանադրական կառոյցներով:

Ան նշեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը այս տարուան ընթացքին Լիբանան այցելութեան ծրագիր չունի, սակայն պապը ինքզինք շատ մօտիկ կը զգայ լիբանանցիներէն, եւ ան պահանջեց, որ այդ պատգամը անպայման փոխանցեմ լիբանանցի ժողովուրդին»:

Յայտնենք թէ Կարդինալ Մամպերթին` Լիբանան կեցութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած էր նաեւ Լիբանանի նախկին նախագահ Զօր Միշել Սլէյման հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.