2015-06-01 09:32:00

Վեցեակի անդամները Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած են


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վեցեակի անդամ պետութիւնները համաձայնութիւն գոյացուցած են Իրանի կողմէ ապագային գոյանալիք համաձայնութեան խախտման պարագային անոր դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերստին հաստատելու շուրջ եւ այդպիսով ջնջած մինչեւ 30 յունիս վերջնական համաձայնութիւն գոյացնելուն առջեւ ծառացած մեծ արգելք մը:

«Ռոյթըրզ» կը գրէ, որ այդպիսով համաձայնութեան մը գոյացումը աւելի մօտալուտ կը դառնայ` հակառակ այլ արգելքներու գոյութեան, ինչպէս` ՄԱԿ-ին իրանեան զինուորական կեդրոններ մուտք գործելու կարելիութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.