2015-06-01 08:48:00

''Եկեղեցական հասարակութիւնները ըլլան ընտանիքներ'' Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրբ երրորդութեան այսօրուան տօնակատարութիւնը յորդոր մըն է ապրելու մէկը միւսին հետ եւ ընկալելու աւետարանի գեղեցկութիւնը­, սորվելով ներել ու ներում խնդրել''­, այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան գլխաւոր նիւթը, զոր կատարեց իր գրասենեակի պատուհանէն` սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած 50 հազարէ աւելի իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սուրբ Երրորդութեան տօնը կը յիշեցնէ խորհուրդը Մի եւ երրեակ Աստուծոյ` Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, որոնք մէկը միւսին հետ է, մէկը միւսին համար է եւ մէկը միւսին մէջ։ Այս տօնակատարութիւնը մեր մէջ կը նորոգէ ''առաքելութիւնը ապրելու Աստուծոյ ու մեր միջեւ հաղորդութիւնը նման Սուրբ Երրորդութեան. Մենք կանչուած ենք ապրելու ոչ թէ մէկը առանց միւսին, ու հակառակ իրարու այլ մէկը միւսին հետ եւ ուրիշին համար ու ուրիշին մէջ։ Այս կը նշանակէ ընկալել եւ վկայել Աւետարանի ուրախութիւնը, ապրիլ փոխադարձ սէրը հանդէպ ուրիշներուն, կիսելով ուրախութիւն ու տառապանք եւ սորվելով ներում խնդրել ու ներել եւ արժէքաւորելով զանազան խարիզմները Հովիւներու առաջնորդութեամբ։

Քրիստոնեաները կանչուած են ապրելու այս հաղորդութիւնը Աստուծոյ հետ, կառուցելու համար եկեղեցական հասարակութիւններ որոնք միշտ աւելիով ''ընտանիք դառնան'' եւ որոնք կարող ըլլան  արտացոլել  Երրորդութեան շքեղութիւնը եւ աւետարանել ոչ միայն խօսքով այլեւ մեր մէջ բնակող Աստուծոյ սիրով։

''Երրորդութեան խորհուրդը կը պարուրէ մեր  քրիստոնէական համայն կեանքն ու մեր քրիստոնէական էութիւնը եւ այս կը յիշենք ամէն անգամ որ կը խաչակնքենք` յանուն Հօր եւ Որդոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ'', ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները միասնաբար խաչ հանել։ Ան ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց  հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ առաջնորդէ ու մեզի օգնէ հասկնալու ժամանակներու  ու Աստուծոյ` Հայր. Որդի եւ ս Հոգիի. ներկայութեան նշանները։  Անորմէ կը խնդրենք -  ըսաւ  Քահանայապետը – որ օգնէ նաեւ Եկեղեցիին ըլլալու հաղորդութեան խորհուրդ  եւ ընկալող հասարակութիւն ուր ամէն մէկ անհատ, յատկապէս մեկուսացեալ եւ աղքատ, կարենայ գտնել հիւրընկալութիւն ու ինքզինք զգայ զաւակը Աստուծոյ` ընկալուած ու սիրուած։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէն ետք Սրբազան Հայրը վերյիշեց թէ յառաջիկայ հինգշաբթի (4 յունիսին) տեղի կ՛ունենայ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին աւանդական թափօրը։

Ժամը 7-ին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի  հրապարակին վրայ պիտի մատուցեմ սուրբ պատարագը ու ապա Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը հուսկ հետիոտն թափօրը մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ Ձեզ բոլորդ այժմէն իսկ կը հրաւիրեմ մասնակցելու այս հաւատքի արտայայտութեան եւ իր ժողովուրդին մէջ բնակող  Յիսուսի հանդէպ սիրոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.