2015-06-01 10:03:00

Գերապայծառ Ժան Ժանպարթ կը դատապարտէ միջազգային հասարակութեան անտարբերութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Տասնեակ հազարաւոր քրիստոնեաներու ու անմեղ քաղաքացիներուն ջարդին ի տես,  Հալէպի յոյն կաթողիկէ առաջնորդը մետրապոլիտ Ժան Քլեման Ժանպարթ  դատապարտեց միջազգային հասարակութեան անտարբերութիւն ու բարբարոսութեան հակամէտ դրութիւնը։ Ան ցաւ ի սրտի դիտել տուաւ որ աթոռանիստ եկեղեցին, այլ համայնքներու շարքին, թիրախ դարձած է ծայրայեղ մահմետականներու արարքներուն։ Հզօր ազգերը ի՞նչ կը սպասեն վերջ դնելու այս բարբարոսութեան ու վայրագութեան հարց տուաւ Ան մատնանշելով  բազմաթիւ տուներու եւ եկեղեցիներու քանդումին։

Գերապայծառ Ժանպարթ  դիտել տուաւ որ հազարամեայ այս քաղաքը խորտակուած է ճարտարարուեստական անգնահատելի ժառանգութեան աւերներու մէջ։ Հալէպ քաղաքը քրիստոնէութիւնը ճանչցած է առաքեալներու շրջանին։

Յայտնենք թէ Հայկական գաղութի վերաբերեալ առաջին հաւաստի տեղեկութիւնը նշմարուած է 1329-ին, Հալէպ գրուած հայկական  ձեռագրի մը յիշատակարանին մէջ, ըստ որու, ԺԴ դարու . Հալէպի մէջ եղած է հայկական համայնք և եկեղեցի՝ Ս.Աստուածածին։








All the contents on this site are copyrighted ©.