2015-05-30 09:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը խումբ մը հիւանդ երախաներու հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 29 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ ընդունեց ծանր հիւանդութենէ տառապող 7 էն 14 տարեկան խումբ մը հիւանդ երախաներ, անոնց հետ ունենալով սիրալիր եւ յուզումնալից հանդիպում մը։

Սուրբ Աթոռի բանբեր Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի փոխանցած տեղեկութիւններու համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապը գուրգուրանքով մօտեցաւ մանուկներուն որոնցմէ մին` Մաշա անունով աղջնակ մը, անոր յղեց հակիրճ խօսք մը որուն մէջ վերյիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին`  31 մայիս 2013-ին ունեցած նմանատիպ հանդիպումը։ Մաշան յիշեց բոլոր այն մանուկները որոնք ներկայ էին այդ հանդիպումին­, ներառեալ անոնք որոնք այժմ երկինք կը գտնուին ու Ֆրանչիսկոս Պապին ապահովեցուց թէ ամէնքը աղօթեցին իրեն համար, այնպէս ինչպէս ինք խնդրած էր իրենցմէ։

Մաշայէն ետք խօսք առաւ Անտրէա Մարիա անունով մանուկի մը հայրը, որ ուզեց Քահանայապետին հաղորդել իր եւ իր կնոջ ապրած անձնական փորձառութիւնը, ի տես զաւկին ծանր հիւանդութեան։

Խօսք առաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով մանուկներու տառապանքի խորհուրդին. ''բացատրութիւններ չկան – ըսաւ Ան. Խորհուրդ մըն է...կը մտաբերեմ Սուրբ կոյս Մարիամը երբ անոր յանձնեցին իր մեռած զաւկին մարմինը, արիւնոտ ու վիրաւոր...Տիրամայրը շոյեց զայն։ Ինք եւս չէր հասկնար պատահածը'', ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով երախաներուն ծնողները չվախնալու հարցադրելէ ՏԷրը թէ Ինչ՞ու այս բաները կը պատահին եւ ապա ունկնդրելու եւ զգալու անոր հայեացքը մեր վրայ, գթասիրտ Հօր մը նայուածքը որ մեզի կ՛ըսէ` ''իմ զաւակս ալ տառապեցաւ''։

Սրբազան Հայրը ապա իր հիացումը յայտնեց ի տես այն ծնողներու քաջութեան` որոնք կը մերժեն վիժումը, որ - ըսաւ Ան -  տառապանքի հարցի սխալ լուծում մըն է, հերոսութիւն որակելով մանուկներու տառապանքն ու մտահոգութիւնը դիմագրաւող ծնողներու յանձնառումը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ապահովեցուց իր աղօթքները մանուկներուն ու անոնց ծնողաց որպէսզի Տէրը անոնց պարգեւէ պէտք եղած մխիթարութիւնը ու խօսքը եզրափակեց քաջալերելով զանոնք Տիրոջ դիմելու վստահութեամբ։

Հանդիպումը վերջ գտաւ ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքով եւ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկաներուն շնորհած օրհնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.