2015-05-30 11:32:00

Տօն եկեղեցւոյ


Ս. Հոգւոյն գալստեան Բ. Կիրակին, հայ ծիսական օրացոյցին համաձայն տօնն է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ: Եկեղեցին մեծագոյն Աստուածապարգեւն է մարդկութեան: Ան նիւթական կառոյց մը չէ, այլ Աստուծոյ ողջ տաճառն է, հաստատուած նոյնինք Յիսուսի կողմէ: Ան Յիսուսի Խորհրդաւոր մարմինն է, որուն անդամները մենք ենք, հաւատացեալներս, միացած` Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ:

                Սրբուհի թերեզա մանուկ Յիսուսի (1873-1897), որ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի Կողմէ 1997ին տարիքով ամենափոքր` Եկեղեցւոյ դոքտոր հռչակուած է (որ ոչ համալսարան յաճախած է, ոչ ալ սիսդէմադիք ուսում առած է) կ՛ըսէ. « Ինչպէս մարդկային մարմինը, նոյնպէս Եկեղեցին ունի իր սիրտը: Եկեղեցւոյ սիրտը բարեգործութիւնն է, Սէրն է: Եթէ սէրը չ՛ըլլար Առաքեալները պիտի չհռչակէին Աստուծոյ խօսքը: Եթէ սէրը չ՛ըլլար, մարտիրոսները եւ նահատակները պիտի չհոսեցնէին իրենց արիւնը: Հետեւաբար Եկեղեցւոյ մղիչ եւ շարժից ուժը սէրն է (եկեղեցի յաճախելու գլխաււոր պատճառը սէրն է- ոչ ոք պարտականութիւն թող սեպէ ամէն կիրակի օրուայ պատարագը) 

                Եկեղեցւոյ գլխաւոր յատկանիչը` մայրութիւնն է: Եկեղեցին մայր է: Մայր սիրոյ եւ ողորմութեան: Մայր մը որ կը հսկէ բոլոր զաւակներուն վրայ, կը հսկէ անոնց դաստիարակութեան վրայ, անոնց հոգեւոր կեանքին վրայ: Հաւատքի Մայր է եկեղեցին – Մայր` յուսոյ - Մայր` սիրոյ - Մայր բոլոր հաւատացեալներուն, մանաւանդ այն անձերուն որոնք կեանքի դժուար պայմաններուն պատճառով մեկուսացած են, եւ հեռու են եկեղեցիէն: Իւրաքանչիւր մկրտեալ իրաւունք չունի ինքզինք որբ զգալու, ոչ ալ արհամարուած, որովհետեւ եկեղեցին խտրութիւն չընէր: Կրնայ դերանալ, կրնայ տկարանալ, բայց եկեղեցին Սուրբ կը մնայ, որովհետեւ Աստուածային հաստատութիւն է, որովհետեւ անոր Գլուխը` Քրիստոսն է, Եթէ եկեղեցին դադրի մայր ըլլալէ կը դառնայ ամուլ – կը դառնայ ոչ գործունեայ:

                Եկեղեցին դատապարտութեան ատեան չէ, այլ սիրոյ եւ ողորմութեան տուն: Ան դարմատունն է, որ մեղաւորներուն սիրտը կը դառմանէ: Ան ԴԱՇՏԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ է ինչպէս պիտի ըսէր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, այն իմաստով որ եկեղեցին մի միայն հաւատացեալները ողջունող եւ ընդունող տեղ չէ: Եկեղեցին քաջութիւն պէտք է ունենայ ինքնիրմէ դուրս գալու եւ երթալու այն հոգիներուն մօտ որոնք այլեւայլ պատճառներու համար ի վիճակի չեն գալու եկեղեցի:

                Եկեղեցին սուրբ է, սրբութեանց մայր, Սուրբ է ոչ միայն իր գլուխով որ է Քրիստոս, այլ իր վարդապետութեամբ, խորհուրդներով, իր շատ մը անդամներու անբիծ վարքով ու առաքինութիւններով, իր առաքեալներուն զոհողութեամբ, որոնք հեռաւոր եւ ապերախտ երկիրներ անգամ կ’երթան տարածելու սուրբ Աւետարանը, որսալու մարդիկ եւ քաշելու դէպի Քրիստոս, դէպի կեանք: Ան Սուրբ է իր նահատակներու արիւնով, որ մեր օրերուն մէջ անգամ այնքան առատօրէն կը հոսին:

                Այս է գլխաւոր առաքելութիւնը եկեղեցւոյ: Եկեղեցին քահանայից դասը չէ: Եկեղեցին` մենք եւ դուք էք, որ ձեռք ձեռքի տալով կ՛աշխատինք քանդելու այլ կուռքերը եւ խոչընդոտները, որոնք կրնան մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն եւ ողորմութենէն: Բոլորս միասին, մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի  կը գործենք մեր ազգային, մշակութային ու մանաւանդ հոգեւոր արժէքները բարձր պահելու: Որքան մենք միասիրտ ենք միահոգի ենք, այնքան աւելի հզոր եւ ամուր պիտի ըլլայ եկեղեցին, որով դժոխքի դռները պիտի չկարենան յաղթահարել անոր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.