2015-05-30 10:37:00

''Մանուկներու Շոգեկառքը'' Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 31 մայիսի, կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հարիւրաւոր մանուկներ հանդիպում կ՝ունենան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ 
Ձեռնարկը, որ տեղի կ՛ունենայ երրորդ անգամուան համար, կազմակերպուած է Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի կողմէ, համագործակցութեամբ` Իտալիոյ շոգեկառքի ազգային ընկերութեան։ Այս տարուայ որպէս գլխաւոր նիւթ ընտրուած է ''թռիչքը'' ու նուիրուած է բանտարկեալ կիներու զաւակներուն, անոնց առիթ տալով առ նուազն մէկ օր հեռանալու  ու ''թռչելու'' այլուր ու հեռու իրենց առօրեայ մտահոգութիւններէն։
Ձեռնարկին կը մասնակցին Իտալիոյ՝ Հռոմի, Չիվիթավեքիա, Լաթինա, Պարի եւ Թրանի քաղաքներէն բանտարկեալ մայրերու զաւակները որոնք Վատիկան կը ժամանեն իրենց տրամադրուած յատուկ շոգեկառքով մը եւ որոնք Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ առիթ կ՛ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։

''Մանուկներու Շոգեկառք'' ծրագիրը կազմակերպուած է ինչպէս ըսինք Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթ'' ծրագիրի ծիրէն ներս, որովհետեւ մանուկները Եկեղեցւոյ յանձնառումի կեդրոնական մասը կը կազմեն ու յատկապէս այն մանուկները որ կ՛ապրին ընտանեկան դժուար կացութիւն մը եւ ունին ընկերա-հոգեբանական հարցեր'' յայտարարած է Կարդինալ Ռավազի` Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի Նախագահը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.