2015-05-30 08:57:00

Մայիս ամիսը նուիրուած սուրբ կոյսին։


Քրիստոնեայ աշխարհը կ՛ապրի Մայիս ամիսը` որ  նուիրուած է Ս. Կուսին, տօնելով հանդերձ Ս. Յովսէփը, որ յատուկ դեռ ունեցաւ փրկչագործութեան խորհուրդին մէջ: Աւետարանիչը զինք կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ մարդը, »արդար«, խոնարհ ու համեստ, քաջ ու վեհանձն: Ան կը նուիրուի անվերապահ` մոռնալով ինքզինք: Ան կ՛ապրի ծածուկ կեանք մը: Կը ճանչնայ Ս. Կոյսն ու Յիսուսը ու անոնց կ՛ընկերանայ իրենց ուրախ եւ տխուր առօրեային միշտ Հաւատարիմ:
Փեսայ մը սքանչելի պահապան` հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն: Ապահով առաջնորդ` իւրաքանչիւրիս: Պատուելու համար մարդկութեան գեղեցկագոյն Ծաղիկը, Ս. Կոյս` Մարիամը, իր Մայիս ամսոյն մէջ:

                Ս. Յովսէփ Ս. Կոյսը կը սիրէ, անոր մէջ` կը տեսնէ մեղքի խաւարին մէջ քալող ժողովուրդներուն խոստացուած Մեսիայի մայրը:

                Ան կը հիանայ Մարիամի առաւելութիւններուն ու մտածելակերպին վրայ, աղօթքին ու ամփոփումին, ընկերային կեանքին ու գուրգուրալիր ծառայասիրութեան իր զաւկին նկատմամբ:

                Այս օրհնեալ ամսուայ ընթացքին, Ս. Յովսէփի հետ, ջանանք խոնարհաբար դիմել Աստուածամօր` հաղորդակցիլ ապրիլ հետը, սերտօրէն սիրելու զինք ու մեծարել որպէս թագուհի քրիստոնեաներուն: Աշխատինք ըլլալ ճշմարիտ զաւակներ վստահիլ անոր մեր անգոյն ու անհամ ջուրերը, որպէսզի փոխէ զանոնք համեղ գինիներու եւ իր բարեխօսութեամբ սիրենք իր զաւակը ու դառնանք հարազատ եղբայրները:

                Քրիստոնեաները ընտանիքներով միասին կ՛աղօթէին վարդարանը մասնաւորաբար շաբաթ օրերը` ընտանիքին բոլոր անդամներով, երբեմն ալ դրացիներով:

                Աստուածամօր ջերմեռանդութիւնը կը սկսի Խաչին ստորոտը երբ Քրիստոս կ՛ըսէ իր մօր. »Ահա՛ Որդիդ«: Այդ օրէն այս ջերմեռանդութիւնը կ՛աճի ու կը զարգանայ:

                Խոկանք Ս. Կոյսին կեանքին շուրջ: Խօսինք հետը եւ յատկապէս անոր բանանք մեր խոցելի ու խոցուած սրտերը, որպէսզի մեզ պահէ ամէն տեսակ հոգեւոր փոթորիկներէ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.