2015-05-29 08:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Փարակուէյ այցելութեան առթիւ եկեղեցին կ՛ապրի շնորհքի ժամանակ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի պատրաստութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Փարակուէյ այցելութեան`10,11,12 Յուլիս 2015ին, Փարակուէի եպիսկոպոսական դասը կը հրաւիրէ քահանաները, սարկաւագները, կրօնաւորները ու հաւատացեալները յարգելու շնորհքի ժամանակը, սկսեալ 24 Մայիսէն` տօն Հոգեգալստեան, մինչեւ Ողորմութեան Յոբելեանին սկիզբը` դեկտեմբեր  2015-ին։

Փարակուէյի եպիսկոպոսական դասի նախագահը գերպայծառ Claudio Gimenez, հաւատացեալներուն ուղղած պատգամով  ըսաւ. ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայութիւնը մեր մէջ շնորհք մըն է տրուած Տիրոջմէն  եւ մենք մեծ երախտագիտութեամբ կ’ընդունինք զայն։ Այս  դէպքը կը պարտադրէ մեզի բաժնելու շնորհքը մեր բոլոր եղբայրներուն հետ, աղքատներէն սկսեալ։ Մենք յանձն կ’առնենք լայն բանալ մեր հասարակութիւններուն դռները որպէսզի ամէնքը տեսնեն Քրիստոսի մէջ մեր ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Կանչուած ենք ընդունելու աղքատներն ու մեղաւորները''։

Յայտնենք թէ Փարակուայի մէջ` 7 միլիոն բնակչութեան վրայ` 1,3 միլիոնը տակաւին սովէն կը մահանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.