2015-05-29 13:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Սլովենիայի հանրապետութեան Վարչապետը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր`  Ուրբաթ 29 Մայիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդունեց Սովենիոյ հանրապետութեան վարչապետ Տիար Միրօ Չերարը որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի  Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտը դրուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Սլովենիոյ Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւններուն վրայ ու վերահաստատուեցաւ կամքը շարունակելու կառուցողական երկխօսութիւնը`   Եկեղեցի – Պետութիւն կապի հայող հարցերու շուրջ, յատկապէս  ազգային միութեան,  մարդկային եւ կրօնական արժէգներու ու հասարակաց բարիքին ու աղքատներուն ի սպաս փոխադարձ համագործակցութեան ծիրէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.