2015-05-27 14:02:00

Պենետիկտոս Պապին եպիսկոպոսական օծման 38-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 28 Մայիսին կը նշուի Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին եպիսկոպոսական օծումի 38-րդ տարեդարձը որ տեղի ունեցած էր` 28 Մայիս 1977-ին, Միւնիխի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։  Օծող գլխաւոր եպիսկոպոսները եղան Ռադիսպոնայի եպիսկոպոսը` գերապայծառ Ernst Tewes եւ  Würzburg-ի եպիսկոպոսը գերապայծառ Josef Stangl։

Նոյն տարուայ 27 Յունիսին, Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետը­, Ռադցինկեր եպիսկոպոսին շնորհեց կարդինալական տիտղոսը։ Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր` Ս. Պետրոսի Աթոռէն հրաժարականը ներկայացնելէ ետք  կը շարունակէ ապրիլ Վատիկան Պետութեան մէկ աբբայարանի մէջ, լռելեան կեանքով նուիրուած աղօթքի եւ ուսմունքի։ Մինչեւ օրս հազուադէպօրէն մասնակցեցաւ հրապարակային արարողութիւններու որոնցմէ մին եղաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ Սրբադասման Արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.