2015-05-27 10:58:00

Միասեռականներու միջեւ ամուսնութեան օրէնքը մարդկութեան համար պարտութիւն է


''Միասեռականներու միջեւ  ամուսնութեան օրէնքը պարտութիւն  է ոչ միայն Քրիստոնէական սկզբունքներուն համար այլ նաեւ մարդկութեան համար'',  այսպէս արտայայտուեցաւ վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փարոլին երեքշաբթի, 23 մայիսին, ''Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան'' մրացանակի  տուչութեան արարողութեան ընթացքին իր ունեցած ելոյթին մէջ՝ Իրլանտայի մէջ որդեգրուած` միասեռականներուն միջեւ ամունութեան օրէնքին ի լուր 

Ընտանիքը հիմնուած է երկու սեռերու պատկանող անձերու միութեան վրայ, եւ պէտք է ցմիշտ անիկա  պաշտպանուի։

Իրլանտայի մէջ  միասերականներուն միջեւ որգեգրուած ամուսնութեան օրէնքի լուրը շատ տխուր լուր մըն է ըսած է Ծիրանաւորը, աւելցնելով ՝անշուշտ եկեղեցին  նկատի առնելով  այս իրողութիւնը  կր կրկնապատկէ այս ուղղութեամբ  իր ջանքերը աւետարանելու համար քրիստոնէական մշակոյթը։

Կարդինալ Փարոլին իր  ելոյթին ընթացքին  անդրադարձաւ նաեւ Յունաստնի տնտեսական ներկայ տագնապին  մասին յայտնելով, թէ ժամանակակից տագնապը ոչ միայն տնտեսական տագնապ է այլ մարդաբանական։ Շրջանառութեան մէջ  ի յայտ եկած է դրամապաշտութիւն, արմատներէ եւ մարդկային նպատակներէ զուրկ, որ կը հարուածէ նոյնինքն տնտեսութիւնը  մարդ արարածը մղելով դէպի սպարում եւ մսխում։ հարկաւոր է առ այդ միշտ աւելիով կապել տնտեսութիւնը եւ զարգացումը – հաստատացծ է կարդինալ Փարոլին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.