2015-05-27 09:38:00

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ամէն մարդ իր ինքնութիւնը կ՛իրագործէ: Նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր անասուն ունի իր աստուածատուր բնազդը…
Ի տարբերութիւն կենդանական աշխարհի բնազդային սահմանափակումներուն, մարդ էակը իր բնութիւնը ճանչնալով հանդերձ, փորձեր կը կատարէ փոփոխութիւններ յառաջացնելու իր կեանքին մէջ: Առաջին իսկ ակնարկով, մարդուն կողմէ այս մօտեցումը, դրական քայլ կը նկատուի: Երբ ըսուի թէ մարդ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ բերելու փորձեր կը կատարէ, բարեմիտ մարդիկ այդ կ՛իմանան իբրեւ «դրական փոփոխութիւններ»: Իսկ չարամիտ մարդիկ ատոր մէջ կը տեսնեն հարցերու բարդացումը, փոխյարաբերութեանց վատթարացումը եւ այլ ժխտական երեւոյթներ:

Մարդու կողմէ կատարուած այդ «փոփոխութիւններու» ճիգերը ընդհանրապէս ամլութեան կը մատնուին ու փորձի սահմանները չեն անցնիր: Որովհետեւ, ինչպէս վաղուց հաստատուած է, «մարդը ընկերային կենդանի մըն է», որ եթէ բնազդով չի՛ գործեր, սակայն իր բնութիւնը եւ ստացած դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը մեծ ազդեցութիւն կը գործեն իր վրայ: Ուստի, ինչպէս միշտ կը յիշեցուի, մարդը պէտք է կրթել իր մանուկ հասակէն սկսեալ, այլապէս վերջը անիմաստ կ՛ըլլայ սրբագրութիւններ կատարելը: Նեղի մատնուելու կամ դժուարութեան հանդիպելու պարագային առհասարակ, մարդ էակը իր իսկական դիմագիծը կը յայտնէ: Մէկ խօսքով, ինչքան ալ մարդ կեղծէ կամ տարբեր դիմակներ օգտագործէ, նեղի մատնուած միջոցին այդ ամէնը մէկդի թողած, իր բուն ինքնութեամբ կը յայտնուի ամէնուն դիմաց:
Քաղաքավարութեան աստիճանները կը տարբերին երկրէ երկիր, ու համաձայն տարբեր մշակոյթներու՝ տարբեր երանգաւորում կը ստանան: Երբեմն շատ քաղաքակիրթ նկատուած երկիրներու մէջ երբ ցուցարարներ փողոց նետուին, ամէնէն զարգացած բժիշկն անգամ յանկարծ փայտէ գաւազան առած կը սկսի աջ ու ձախ հարուածելու:

Կրնանք ըսել որ իւրաքանչիւր մարդու մէջ կայ թաքնուած մէկ այլ մարդ, որ ընդհանրապէս քունի մէջ է, սակայն ահազանգի պահուն սթափ կրնայ արթննալ, ու առանց ականջ տալու բուն մարդու խօսքին, իր ուզածը կատարել: Սա մարդու ինքնութիւնն է, ի հարկ եղած պարագային պէտք է իրագործէ իր էութիւնը:
Կ՛ըսուի թէ անօթի ագռաւը տեսաւ սպիտակաթոյր աղաւնիներ, որոնք իրենց տիրոջ կողմէ նետուած հացահատիկներով կը կերակրուէին: Իսկ ինք, որ ամբողջ օրը փորձած էր փորը լեցնել նոյնիսկ աղբանոցներու շուրջ թառելով, չէր յաջողած: Ուստի, կ՛երթայ ու քիչ անդին, փուռին դիմաց պատռուած ալիւրի տոպրակին մէջ կը մտնէ ու մէկ երկու անգամ տապլտկելով լրիւ սպիտակ կը դառնայ: Ալրոտած այս «աղաւնին» այնուհետեւ համարձակ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի աղաւնիներուն մօտ ու առանց իր տգեղ ձայնը հանելու, կը սկսի անոնց հացահատիկներէն օգտուելու ու լեցնելու իր սոված փորը:
Յանկարծ, սակայն, աղաւնիներուն տէրը զանոնք կերակրած միջոցին, երբ իր կէսօրուան խորովածը կ՛ուտէր, միսի փոքրիկ կտոր մը գետին կ՛իյնայ իր փաթթուած հացին մէջէն: Ալրոտած «աղաւնին» շուտով կը յափշտակէ զայն գետնէն, իսկ շուրջի անմեղ աղաւնիները այդ պահուն կ՛իմանան, թէ մինչեւ հիմա իրենց հետ կտկտալով գետնի հացահատիկները ուտողը «իրենցմէ չէր»: Ագռաւը իր բնութիւնը իրագործեց, բնազդին մղումով: Մարդիկ այդ ագռաւէն տարբեր չեն, երբ յանկարծ որոշ կացութեան մէջ գտնուելով, ստիպուին իրենց բնութիւնը իրագործել:
«Իրմէ չէի սպասեր» արտայայտութեան մէջէն պէտք է դուրս բերուի զարմացական շեշտն ու գունաւորումը, որովհետեւ ամէն մարդէ ալ ամէն ինչ սպասելի է, երբ հարցը մարդկային բնութիւնը իրագործելուն կը վերաբերի: Օրինակ, ով կը յուսայ որ մայրը ոճիր գործէ: Մայրը որ բարութեան տիպար օրինակը պէտք է ըլլայ եւ ներողամտութեան ախոյեանը: Սակայն, նոյն բարի ու սուրբ մայրը կրնայ ոճիր գործել որոշ պարագայի տակ, այդ ալ՝ երբ իր զաւակի կեանքին ստոյգ վտանգ սպառնայ: Նոյնը չէ՞ էգ կենդանին, որ հանդա՜րտ ու հանգի՜ստ իր ձագերը դիեցուցած պահուն իսկ կրնայ յանկարծ յարձակիլ իր կողմը մօտեցող անծանօթին վրայ, եւ իր բնազդի բերումով կրնայ մինչեւ մահուան դուռը տանիլ վտանգ ներկայացնողին:
Մարդը իր ընկերային կենդանի ըլլալու իրողութեամբ, ստեղծուած որոշ կացութիւններու դիմաց նոյնիսկ աւելի վայրագ է քան կենդանին: Որովհետեւ մինչ կենդանին միա՛յն բնազդով կը գործէ, մարդը այդ կենդանական բնազդին վրայ կը գումարէ նաեւ իր բանականութիւնը, ու աւելի ծայրայեղութեան կը հասնի:
Ալրոտած «աղաւնին» չկրցաւ պահել իր բնազդային մղումը: Սակայն կան մարդիկ, որոնք երկա՜ր ժամանակ կը յաջողին թաքցնել իրենց բուն իսկութիւնը շրջապատէն, մինչեւ որ ա՛լ չկարենալով դիմադրել իրենց ներքին անձի տեւական պնդումներուն, ու յոգնած ներքին պայքարը մղելէ, յանկարծական պոռթկումով, ագռաւին նման կը նետուին «միսին» վրայ, զայն յափշտակելով իրենց անսուաղութիւնը փարատելու համար:
Պէտք է թափ տալ ընկերային կեանքի մէջ թիւով շատ ալրոտած «աղաւնիներուն» փետուրները, տակէն դուրս բերելու համար անոնց իսկական սեւ գոյնը:

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.