2015-05-27 10:41:00

Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ բանավէճ Ընտանիքի նիւթին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներու հրաւէրին վրայ, երեք երկիրներէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, (որոնցմէ մեծ մասը սիւնհոդոսական հայրեր են), Երկուշաբթի` 25 Մայիսին, հանդիպում ունեցան աստուածաբաններու, Ս. Աթոռի վերին իշխանութեան  գործակիցներու ու լրագրողներուն հետ վիճաբանելու ընտանիքի նիւթին մասին, Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ։

Շարունակելով իրենց տարեկան հանդիպումը, որ սկիզբ առաւ Յունուարին Մարսիլիոյ  մէջ, 50 ժողովականները քննարկեցին յառաջիկայ  Հոկտեմբերի տեղի ունենալիք ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի նիւթը, ունենալով որպէս կէտ-նպատակ խորացնել իրենց խորհրդածութիւնը ընտանիքի մասին, հիմնուելով աստուածաշնչական ու աստուածաբանական տուեալներու վրայ, հայող ամուսնութեան ու ընտանիքի հրատապ հարցերուն։

Յիսուսի խօսքերուն նշանակութիւնը ապահարզանի մասին։

Ժողովականները աշխատեցան կաթողիկէ  մեկնաբանութիւն տալ Յիսուսի խօսքերուն ապահարզանի մասին`անոնց նշանակութիւնը Աստուծոյ Արքայութեան ու Եկեղեցւոյ աւանդութեան շրջագիծէն ներս ու Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ‘’Աստուծոյ Բանը’’ վաւերաթուղթի լոյսով։


Երկխօսութիւն աստուածաբանութեան ու մարդկային գիտութեանց  միջեւ։

Հանդիպումին երկրորդ մասին մէջ  խորհրդածութիւններ կատարուեցան սիրոյ մասին  յատկապէս ընդգծելով սեռականութիւնը որպէս սիրոյ բարբառը ու Աստուծոյ թանկագին մէկ պարգեւը։                                   

Ընտանեկան հովուութեան մարտահրաւէրները այսօր։

Օրուան երրորդ ու վերջին հանդիպումին` ժողովականները ընդգծեցին անհատին ու ընտնաիքին աճող դժուարութիւնները, ընկերութիւններու բարդ բազմազանութեան եւ աւանդական արժէքներու

անկումին ի տես։ Տուեալներ որոնք դժուար կը դարձնեն կեանքի բարոյական ըմբռնումը եւ միաժամանակ մարտահրաւէր մըն են այսօրուայ ամուսնական ու ընտանեկան հովուութեան խնամակալութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.