2015-05-26 09:09:00

Մարիամի ամսուան ջերմեռանդութեան ծագումը


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի մէջ` Մայիս ամսուայ գեղեցիկ իրիկուն մը: Փոքրիկ տղայ մը, ժողովուրդին մէկ զաւակը, իր դեռահասակ ընկերները շուրջը հաւաքած, զիրենք կ՛առաջնորդէ Ս. Աստուածածնի մէկ արձանին առջեւ, ուր Ս. Քաղաքին սովորութեան համաձայն` վառ կանթեղ մը կը պահուէր միշտ: Հոն` այս անմեղ հոգիները իրենց վճիտ ձայներով` Ս. Կոյսին Լիթանիան կ՛երգեն: Յաջորդ օրը` այս փոքրիկ խումբը նորէն Ս. Աստուածածնի ոտքը կու գայ, ուրիշ տղաներ եւս հետեւորդ ունենալով: Յետոյ մայրերը կը փութան` փոքրիկներու խումբին կը միանան: Հետզհետէ նոր խումբեր կը կազմուին, եւ այս ջերմեռանդութիւնը շուտով ժողովրդական կը դառնայ:

Մարիամի ամի՜ս. ի՜նչ զմայլելի ջերմեռանդութիւն:  Ս. Գիրքը` »Դաշտերու շուշան, հովիտներու ծաղիկ եւ երիքովի պարտէզներուն վարդը« կ՛անուանէ: Մենք բախտաւոր զաւակներս այս Ամենաբարի Մօր, ուրախութեամբ ողջունենք այս օրհնեալ ամիսը, որ տարուէ տարի մեզի այնքան հրճուանք, այնքան մխիթարութիւն կը բերէ:

Չտարակուսինք երբեք` որովհետեւ Մարիամ` իրեն նուիրուած այս գեղեցիկ ամսուայ ընթացքին` մասնաւոր շնորհքներ ունի մեզի բաշխելիք: Ո՜րքան բարի է Ան` մեր Մայրը: Ընդլայնենք մեր սրտերը, բազմապատկենք մեր բաղձանքները: Օգոստափառ Կոյսը մեզ լիուլի պիտի գոհացնէ:

Ո՜վ մեր Փրկչին ու մեր Սիրելի Մայրը. ահա քու ոտքերուդ առջեւ ենք... քեզի նուիրուած այս գեղեցիկ ամսուան երախայրիքը քեզի ընծայելու: Մեր բոլոր ճիգերը պիտի ձգտին քեզ ամէն օր օրհնելու. սիրելու եւ Քեզի նմանելու: Հաճէ՛, ո՜վ բարեգութ Մայր, մեր պաղատանքները լսել: Ընդունէ՛ մեր սրտերը իբր նուէր եւ այս առաջին ժամէն իսկ քու երկնային զգլխիչ բոյսերովդ` սիրովդ ու բոյրովդ մեզ ամէնքս քեզի քաշէ. Ամէն: 








All the contents on this site are copyrighted ©.