2015-05-25 08:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ֆենիքսի քրիստոնէական միութեան օրուան առթիւ։


 (Ռատիօ Վատիկան) ''Հայր, թող անոնք ալ մեր մէջ ըլլան. Որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ դուն ղրկեցիր զիս'', այս է ֆենիքսի մէջ նշուած Քրիստոնէական միութեան օրուան բնաբանը։ Օրը  տօնախմբուեցաւ 23 Մայիսին, կազմակերպութեամբ ''Ճոն 17 շարժում''ի ու ֆենիքսի թեմին, Պենտեկոստէի տօնին առթիւ։ ''Ճոն 17 շարժումը'' հիմնուած է աւետարանական վերապատուելի Joe Tosini կողմէ, որ ներշնչուելով Յովհաննէսս Աւետարանի 17–րդ գլուխին մէջ գտնուող Յիսուսի աղօթքէն`. ''թող ամէնքը մէկ ըլլան'',  կը ձեռնարկէ համամիութենական բնոյթ ունեցող հանդիպումներ, բաց քրիստոնեայ բոլոր յարանուանութիւններու հաւատացեալներուն։  Անոր կը յարին ֆենիքս թեմի օգնական եպիսկոպոսը` գերապայծառ Eduardo Alanis Nevares, Պենտեկոստեան եկեղեցւոյ հովիւը Giovanni Traettino, բարեկամը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։

Քրիստոնէական միութեան օրուան առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը ուղղած է որուն մէջ յայտնած է. ''Ձեռքս ունիմ հրաւէրը որ ղրկեցիք ինծի մասնակցելու Քրիստոնէական միութեան օրուան հանդիսութեան, որ ունի որպէս նիւթ Քրիստոսի աղօթքը. ‘’Հայր, թող անոնք ալ մեր մէջ ըլլան. Որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ դուն ղրկեցիր զիս’’։

Հոգւով ձեզի հետ եմ, աշխատելով ձեզի հետ ու Տիրոջմէն խնդրելով միութեան շնորհքը։

Միութիւնը արդէն մեր միջեւ կը ծլի։ Ամէնքս միութիւնը ընդունեցանք մկրտութեամբ, միասնաբար կը յառաջանանք դէպի միութիւնը։ Մէկը միւսին համար աղօթելը  ու միասնաբար օգնութեան հասնիլ եղբայրներուն, արդէն հոգեւոր միութիւն մըն է։

Սիրեցեալ եղբայրներ, բաժանումը վէրք մըն է Քրիստոսի Եկեղեցւոյ մարմնին մէջ։ Մենք չենք ուզեր որ այս վէրքը մնայ։ Բաժանումը սուտի, ու անհամաձայնութեան հօր գործն է, որ կ’աշխատի եղբայրները բաժնուած պահել։ Այսօր միացած ենք, ես Հռոմէն եւ դուք հոն, խնդրենք Հօր Աստուծմէ որ ղրկէ Յիսուսի Հոգին` Ս. Հոգին, որպէսզի մեզի շնորհէ միութեան պարգեւը. Թող ամէնքը մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ։

Մենք հակառակ մեր տարբերութիւններուն, մէկ ենք։ Քրիստոնեաները հալածողները գիտեն որ նահատակները Քրիստոսի աշակերտներ են, մէկ են ու իրարու եղբայրներ։ Անոնց չի հետաքրքրեր թէ այդ հալածուած նահատակները բողոքականներ են, օրթոտոքս են կամ կաթողիկէ։ Անոնք գիտեն թէ քրիստոնեաներ են։ Այդ արիւնը կը միացնէ մեզ իրար զիրար։

Եղբայրներ ներկայիս կ’ապրինք արեան համամիութիւնը։ Ասիկա պէտք է մեզ մէկ ընէ ու միացնէ միասնաբար կատարած մեր գործունէութեամբ. Աղօթք, խօսակցութիւն, հեռաւորութիւններու մօտեցում։ Ես վստահ եմ որ միութիւնը աստուածաբաններու գործը չէ, անոնք կարող են օգնել մեզի։ Միութիւնը Ս. Հոգւոյ գործ է։

Սրբազան Հայրը իր սրտաբուխ խօսքը եզրափակեց ըսելով. Համեստաբար, կը միանամ ձեզի, Քրիստոնէական միութեան, աղօթքի ու բարեկամութեան  օրուան առթիւ։ Վստահ ըլլալով որ ունինք մէկ Տէր` Յիսուս Քրիստոս, Ան մեր մէջ կ’ապրի ու ղրկեց մեզի իր Հոգին որպէսզի կարողանանք իրարու հետ ապրիլ անդորրութեամբ։

Սիրեցեալ եղբայրներ, ձեզ կ՛ողջունեմ եւ կ՛ողջագուրեմ։ Կ’աղօթեմ ձեզի համար, ձեզի հետ միասին կ’աղօթեմ։ Դուք ալ ինծի համար աղօթեցէք եւ ձեզի կու տամ Հօր Աստուծոյ օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.