2015-05-25 10:03:00

Իրաքցի վանականը ԻԼԻՊ-էն հայերէնով պահպանուած հնագոյն ձեռագիրներ փրկած է


Իրաքցի վանական Նաճիպ Միխայել պատմած է, թէ ինչպէս ԻԼԻՊ-էն փրկած է հնագոյն ձեռագիրներ, որոնց մէջ նաեւ` հայերէնով: Վկայակոչելով լիբանանեան «The Daily Star» պարբերականը՝  News.am-ը կը յայտնէ, թէ գնդակները սուլած են հոգեւորականի գլխուն վերը, քիչ հեռու նկատուած է ԻԼԻՊ-ի սեւ դրօշը, սակայն վանականը մտածած է միայն հարիւրաւոր իրաքեան ձեռագիրները փրկելու մասին:

Առաջին անգամ` 2008 թուականի իսլամական յուզումներուն ժամանակ, Միխայելը կրցած է թանկարժէք գրադարանը Մոսուլէն փոխադրել Իրաքի խոշորագոյն քրիստոնէական քաղաք Պաղտատ: Անցեալ տարի վանականը կրկին վտանգ զգացած է, իսկ ԻԼԻՊ-ը նուաճած է քաղաքներ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ՝ ոչնչացնելով անգին յուշարձաններն ու թանգարանները, ինչպէս նաեւ  գրադարաններու փաստաթուղթերը:

Երբ անցնող Հինգշաբթի ԻԼԻՊ-ը Սուրիոյ մէջ գրաւած է հնագոյն Փալմիրա քաղաքը` յետագայ աւերածութիւններու վտանգ յառաջացնելով, Միխայելը Փարիզի մէջ պատմած է, թէ ինչպէս տարուած է Իրաքի 2000-ամեայ քրիստոնէական ժառանգութեան մնացորդները փրկելու գաղափարով:

Նաճիպ Միխայելի փրկած հաւաքածուն կը ներառէ պատմական եւ փիլիսոփայական աշխատութիւններ, քրիստոնէական եւ մահմետական փաստաթուղթեր, երաժշտութեան եւ գրականութեան մասին հայերէն, արամերէն, արաբերէն, ասորերէն արձանագրութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.