2015-05-24 10:50:00

Հոգեգալստեան Սուրբ Պատարագը Սուրբ Պետրոսի մէջ։


''Ինչպէս որ Հայրը զիս առաքեց ես ալ կ՛առաքեմ ձեզ... ընդունեցէք Ս. Հոգին''

(Ռատիօ Վատիկան) 24 Մայիսին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան առաջին տարեդարձը` 24-26 մայիս 2014, յիշատակելու Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Պատրիարքի միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպման յիսուն ամեակը որ տեղի ունեցած էր 5 յունուար 1964-ին։ 

24 մայիս 2015-ը տօնն է նաեւ հոգեգալստեան։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը, առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատոյց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ.

''Ս.Հոգւոյ հեղումը տեղի ունեցաւ յարութեան գիշերը եւ կը կրկնուի Պենտեկոստէյի օրը։ Զատկուայ գիշերը Յիսուս կը յայտնուի իր աշակերտներուն ու անոնց վրայ կը փչէ իր Հոգին։  Պենտեկոստէի առաւօտուն յանկարծ երկինքէն հնչիւն մը լսուեցաւ, նման սաստիկ հողմի եւ երեւեցան լեզուներ եւ իջան իւրաքանչիւր առաքեալին վրայ։ Ամէնքը լեցուեցան Ս. Հոգիով եւ սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներով։ Անոնց հետ կար Մարիամ, Յիսուսի մայրը, առաջին աշակերտուհին, Մայրը նորածին Եկեղեցւոյ։

Ան իր խաղաղութեամբ, իր ժպիտով կ՛ընկերանար նոր Հարսին ուրախութեան, Յիսուսի Եկեղեցիին։

Աստուծոյ խօսքը, յատկապէս այսօր,  մեզի կ'ըսէ որ Ս. Հոգին կը ներգործէ անհատներու եւ հասարակութիւններու մէջ, որոնք լիացուած են Իրմով. Ան կ՛առաջնորդէ ճշմարտութեան, երկիրը կը վերանորոգէ եւ կու տայ իր պտուղները։

Աւետարանին մէջ, Յիսուս կը խոստանայ իր աշակերտներուն թէ երբ Ինք վերադառնայ Հօր մօտ­, պիտի գայ Սուրբ Հոգին, որ զանոնք պիտի առաջնորդէ դէպի ամբողջական ճշմարտութիւնը։ Առաքեալները սկիզբը սարսափած ու գայթակղած իրենց Վարդապետի չարչարանքներուն ի տես, վերնատուն քաշուեցան, խուսափելով աւագ ուրբաթ օրուայ վրէժխնդրութիւններէն։ Ս. Հոգւոյ գալուստով անոնք ճանչցան ճշմարտութիւնը, այսինքն թէ Յիսուսի մահը պարտութիւն մը չէ այլ Աստուծոյ սիրոյն գերագոյն արտայայտութիւնն է, ու սկսան աներկիւղ հրապարակաւ քարոզել Քրիստոսը։

''Առաքէ հոգիդ ... եւ բարենորոգէ երկիրը'' սաղմոսը` Արարիչ Աստուծոյ փառաբանութիւն մըն է։ Ինք ամէն բանի կեանք կու տայ։ Այս պատճառաւ, արարչագործութեան յարգանքը մեր հաւատքի պատուիրաններէն մէկն է։ Այգին (պարտէզը) որու մէջ կ'ապրինք, վստահուեցաւ մեզի ոչ թէ զայն շահագործելու այլեւ մշակելու զայն, սակայն ասիկա կարելի է միմիայն եթէ Ադամը թողու  որ Ս. Հոգին զինք բարենորոգէ։

Ս. Հոգիէն վերանորոգուած` կարող պիտի ըլլանք ապրիլ որդիներու ազատութիւնը, բոլոր արարչագործութեան հետ ապրիլ ներդաշնակութեամբ ու ամէն արարածի մէջ ճանչնալ Արարիչին փառքի մէկ ցոլքը։

Գաղիացիներու ուղղած թուղթին մէջ Պօղոս առաքեալը ցոյց կու տայ Ս. Հոգիին պտուղները որ կը ցոլացուի`անոնց կեանքին մէջ որոնք կը քալեն Ս. Հոգւոյն համաձայն։ Մէկ կողմէն կը նշէ մարմնի մոլութիւնները, պտուղը եսասէր մարդու եւ փակ է Աստուծոյ շնորհքի ընկալումին, մինչ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ ապրողին սրտին մէջ կը ծաղկին աստուածային շնորհքները։ Ահա թէ ինչու Սուրբ Պօղոս կը կրկնէ ''քալեցէք Սուրբ Հոգւոյն համաձայն'' ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ

Աշխարհը, կարիքը ունի սրտաբաց ու Ս. Հոգւով լիացուած մարդոց։ Ս. Հոգին ներգործութիւնը մերժողները անոնք են որոնք եսապաշտ են, օրէնքի կառչածներ, Յիսուսի սիրոյ օրէնքը մոռացողներ։ Մինչ աշխարհը կարիքը ունի Քրիստոսի աշակերտներու արիութեան. Պէտք ունի Սուրբ Հոգւոյն պտուղներուն` սէր, ուրախութիւն, հաւատք, հեզութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն. քաղցրութիւն, ժուժկալութիւն։ 

Ս. Հոգւոյ շնորհքը առատութեամբ տրուեցաւ Եկեղեցւոյ ու մեզմէ իւրաքանչիւրիս որպէսզի կարողանանք ապրիլ ճշմարիտ հաւատքով եւ արդիւնաբեր սիրով, որպէսզի կարենանք սերմանել ու տարածել հաշտութեան ու խաղաղութեան սերմերը։

Ս. Հոգւով ու անոր բազմաթիւ պարգեւներով զօրացած կարող դառնանք, առանց փոխզիջումներու, պայքարելու, մեղքին ու ապականութեան դէմ ու  համբերութեամբ նուիրուինք արդարութեան ու խաղաղութեան ներգործութիւններուն։  

                                         








All the contents on this site are copyrighted ©.