2015-05-24 10:42:00

Կարդինալ Սանտրիի աղօթքը առեւանգուած հայր Մուրատին ու հալածուած քրիստոնեաներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Գերապայծառ Ռոմերոյի երանացման օրը եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէն հռչակած`  աշխարհի հալածուած քրիստոնեաներուն աղօթքի հսկումի առթիւ, կարդինալ Սանտրին եւ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի անձնակազմը միացան Սուրիա առեւանգուած հայր Մուրատին ու Միջին Արեւելքի հալածուած քրիստոնեաներուն ի խնդիր աղօթքին'' կը կարդանք Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։ 

Նշենք որ Ասորի կաթողիկէ հայր Մուրատ նախակրթական ու ճեմարանի ուսումները կատարած է Հալէպի հայ կաթողիկէ դպրոցին մէջ։ 

Հաղորդագրութիւն ապա կը նշէ.` '' Ս. Հոգին, իջնէ վերանորոգուած Պենտեկոստէի մէջ, առաջնորդելու մեզ դէպի ճշմարտութեան ամբողջականութիւնը։ Թող մեզ ազատ դարձնէ, մխիթարէ  սգաւորներն ու ողբացողները։ Շարժէ սրտերն անոնց որ կ՛ոտնակոխեն մարդու արժանաւորութիւնը։ Դարձի  բերէ անոնք որոնք կ’աշխատին իրենց սեփական շահերուն համար  ու լուսաւորէ անոնք որոնք կանչուած են վճիռներ առնելու` պատասխանատուութիւնը ստանձնելու  պատերազմը կեցնելու համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.