2015-05-23 09:07:00

Աղօթքի հսկում հալածուած քրիստոնեաներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը իտալական եկեղեցւոյ հետ միասին  նախաձեռնած է աղօթքի հսկում մը հալածուած քրիստոնեաներուն համար, Հաւատքի վկաներուն նուիրուած`  ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ  23 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8-ին­, գերապայծառ Ռոմերոյի երանացման օրը։

Նոյն պահուն մինչ Սան Սալվատորի մէջ կը տօնախմբուի երանացումը գերապայծառ Oscar Arnulfo Romeroյի, Սանդ էճիտիոյ հասարակութիւնը կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթքի հսկումի մը, ժամանակակից նահատակներուն համար, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով  20-րդ եւ 21-րդ հաւատքի վկաներուն նուիրուած պազիլիքային մէջ, որուն ներքեւ կը պահուին նահատակ սուրբերու մասունքները, ներառեալ Սան Սալվատորի արքեպիսկոպոսին խորհրդատետրը։ Յայտնենք թէ գերապայծառ Ռոմերօ  սպաննուած է 24 Մարտ 1980-ին, որովհետեւ յանդգնութիւնը ունեցած է պաշտպան կանգնելու աղքատներուն։

Աղօթքի հսկումը համամիութենական բնոյթ ունի, քանի նուիրուած է նահատակ բոլոր քրիստոնեաներուն, առանց զանազանելու թէ ի՞նչ նուիրապետութեան կամ եկեղեցւոյ կը պատկանին։

''Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի ու Ասիայի Քրիստոնեաներուն չարչարանքը հրաւէր մըն է հարցադրելու Եւրոպացի քրիստոնեաներուն կեցուածքին մասին։ Գիտակից այս աղօթքի հսկումի յոյժ կարեւորութեան, հարկաւորութիւնը կը զգանք մօտ ըլլալու անոնց ու կոչ ուղղելու միջազգային հասարակութեան որպէսզի անյապաղ իր միջամտութիւնը բերէ ու վերջ տայ արիւնահոսութեան'', հաստատած են աղօթքի հսկումի կազմակերպիչները։      








All the contents on this site are copyrighted ©.